1599997398613.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ որդեգրենք ողորմած սէրը»

Չենք կրնար մեզի համար խնդրել Աստուծոյ ներումը, եթէ մենք մեր կարգին զայն չի շնորհենք մերձաւորին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց  նաեւ յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,  այսօրուայ ողորմած թագաւորին առակին վերաբերող մեր կարդացած աւետարանին մէջ (Մատթէոս 18, 21-35) երկու անգամ կը գտնենք սոյն աղերսը. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես բոլորը կը վճարեմ քեզի»։

Առաջին անգամ այդ մէկը արտայայտուած է ծառային կողմէ որ Թագաւորին պարտական էր 10 հազար քանքար, հսկայական գումար մը։ Իսկ երկրորդ անգամ ան կրնկուած է նոյն տիրոջ այլ ծառայի մը կողմէ։ Ան ալ պարտք ունէր, ոչ թէ տիրոջ, այլ այդ իր մեծ պարտքի ծառայակիցին։ Երկրորդ ծառային պարտքը սակայն շատ փոքր էր բաղդատմամբ իր ընկերոջը։

Առակին առանցքը կը կազմէ հասկացողութիւնն ու ներումը զոր տէրը ցոյց կու տայ աւելի մեծ պարտք ունեցող ծառայի հանդէպ։ Աւետարանիչը արդարեւ կը գրէ. « Տէրը գթաց այդ ծառային ու շնորհեց անոր պարտքը։ Հսկայական պարտք մը, որ ունեցաւ հսկայական շնորհք։ Բայց այդ ծառան, անմիջապէս ետք, անխիղճ գտնուեցաւ իր ծառայակիցին հանդէպ, որ փոքր պարտք մը ունէր։ Անոր դէմ յարձակեցաւ ու զայն բանտ նետել տուաւ մինչեւ որ պարտքը վճարէ։

Տէրը իմանալով հարցը, կանչել տուաւ առաջին ծառան եւ անոր ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի։ Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցայ», ապա բարկանալով՝ դահիճներուն յանձնեց զայն, որպէսզի պատժեն, մինչեւ որ վճարէ իր բոլոր պարտքերը։

«Այս առակին մէջ կը հանդիպինք երկու վարուելակերպերու. Աստուծոյ վերաբերմունքը որ ներկայացուած է Թագաւորի կերպարով եւ մարդունը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Աստուածային վարուելակերպին մէջ արդարութիւնը ողողուած է ողորմութեամբ մինչ մարդկային վարուելակերպին մէջ կայ միայն արդարութիւնը։

Յիսուս մեզ կը խրախուսէ բացուելու ներումի ուժին, որովհետեւ կեանքին մէջ ամէն ինչ կարելի չէ լուծել միայն արդարութեամբ։ Կարիքը կայ ողորմած սիրոյն որ է նաեւ հիմքը Տիրոջ պատասխանին  Պետրոսին տուած հարցումին։ «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ, եթէ եղբայրս իմ դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր մինչեւ եօ՞թն անգամ»:  Յիսուս կը պատասխանէ . «Քեզի չեմ ըսէր, թէ՝ մինչեւ եօթն անգամ, այլ՝ մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը»: 

Աստուածաշունչի խորհրդանշական լեզուով այս կը նշանակէ թէ մենք կանչուած ենք ներելու միշտ։

Որքան տառապանքէ, որքան վնասներէ ու քանի քանի պատերազմներէ կարելի էր խուսափիլ եթէ ներումը եւ ողորմութիւնը ըլլային մեր կեանքին ապրելաոճը։

«Անհրաժեշտ է որդեգրել ողորմած սէրը բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, զոյգերու, ընտանիքի, զաւակներու, հասարակութիւններու ու նաեւ ընկերութեան եւ քաղաքականութեան մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ այսօրուան առակը մեզ կը հրաւիրէ լիութեամբ ընկալելու «Հայր մեր» աղօթքին մէջ մեր արտասանած սոյն նախադասութիւնը «եւ տուր մեզ զպարտիս մեր որպէս եւ մենք թողումք մերոց պարտապանաց»։

«Այս խօսքերը կը պարունակեն վճռական ճշմարտութիւն մը։ Չենք կրնար մեզի համար խնդրել Աստուծոյ ներումը, եթէ մենք մեր կարգին զայն չի շնորհենք մերձաւորին։  Եթէ մենք ջանք չի դափենք ներելու եւ սիրելու մենք ալ երբեք պիտի չի ներուինք ու պիտի չի սիրուինք» հաստատեց Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ գիտակից դառնալու թէ որքան պարտական ենք Աստուծոյ ու մշտապէս յիշելու այս մէկը,  որպէսզի մեր սիրտը միշտ բաց ըլլայ ողորմութեան եւ բարութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2020, 12:18