Գերապայծառ Լուիս Ֆերնանտօ Լիզպոա Գերապայծառ Լուիս Ֆերնանտօ Լիզպոա 

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռախօսազրոյցը Քապօ Տէլկատոյի թեմի եպիսկոպոսին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգութեամբ կը հետեւի Քապօ Տելակատոյի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։

Չորեքշաբթի օգոստոս 20ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ հեռաձայնային կապ հաստատեց Մոզամպիքի Փեմպա Թեմի եպիսկոպոս, Գերապայծառ Ֆերնանտօ Լիզպոյային հետ։
Վատիկանի Նիւզին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Գերապայածռ Ֆերնանտօ յայտնեց թէ, Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգութեամբ կը հետեւի քաղաքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու իր աղօթքներուն մէջ միշտ յիշէ Մոազմապիքի ժողովուրդը։

Ունկնդրէ լուրը

«Ֆրանչիսկոս Պապ  պատրաստ է  մեզի օգնելու ու մեր հետ ընթանալու։ Ըսաւ  Գերապայծառ Ֆերնանտօ Լիզպոա, աւելցնելով,  որ ինք  իր կարգին,  Սրբազան Պապին շնորհակալութիւն յայտնեց հեռաձայնային  կապ հաստատելու  ճեսիթին համար, ինչպէս նաեւ անցեալ 12 ապրիլին, Սուրբ Զատկուայ տօնին, Ուրպի եւ Օրպի պատգամին մէջ Քապօ Տէլկատօ քաղաքին աղօթած ըլլալուն համար։

Գերապայծաօ Լիզպոա իր կարգին  ֆրանչիսկոս Պապի տեղեակ պահած է , Մոքիմպոա Տա Փրային նաւահանգիստի կացութեան մասին, որ  վերջերս թիրախ է Մահմետական պետութեան խմբակի յարձակումներուն եւ որուն պատճառաւ եւ երկու մայրապետներ անյայտ  վիճակի մէջ կը գտնուին։

Ֆրանչիսկոս Պապ, յիշած է մէկ տարի առաջ Մոզամպիք կատարած այցելութիւնը նշելով որ  արդեն քաղաքը մէկ տարի առաջ  դժուար պայմաններուն մէջ էր, յորդորելով  գերապայծառ Ֆերնանտոն  որ  հեռաձայանէ  Կարդինալ Միքայէլ Չզրենիյին, Սուրբ Աթոռին մարդկային համապարափակ զարգացման ժողովին, մարդասիրական օգնութին ստանալու համար։

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերած է յառաջ երթալ հաստատ մնալով իրենց հաւաքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2020, 10:49