Ընդհանուր ունկնդրութիւն Ընդհանուր ունկնդրութիւն 

«Աշխարհը բուժել» Քահանայապետի Ընդհանուր ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւններու նոր շարք մը։

Յառաջիկայ շաբաթներուն կը հրաւիրեմ ձեզ միասնաբար անդրադառնալու այն հրատապ հարցերուն զոր ի յայտ դրաւ համաճարակը, յատկապէսս ընկերային հիւանդութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 օգոստոս 2020-ին, մէկ ամիս դադարէ ետք դարձեալ սկիզբ առին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները, որոնք համաճարակի բերումով կը շարունակուին տեղի ունենալ առաքելական պալատի մատենադարանէն։

Սրբազան Քահանայապետը Աղօթքին նուիրուած վերջին խորհրդածութիւններէն ետք այսօր սկիզբ տուաւ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը  նուիրուած համաճարակին ու անոր հետեւանքներուն։

«Համաճարակը կը շարունակէ խոր վէրքեր պատճառել, դիմակազերծ ընելով մեր դիւրաբերութիւնները։ Շատեր մահացան, շատ աւելիներ հիւանդ են, բոլոր ցամաքամասերուն մէջ։ Շատ մը մարդիկ եւ ընտանիքներ կ՛ապրին անապահովութեան ժամանակ, ընկերատնտեսական հարցերու պատճառաւ, որոնք կը հարուածեն յատկապէս աղքատները» ըսաւ Սրբազան Պապը խորհրդածութեան սկիզբը։

Ասոր համար, շարունակեց Ան, պէտք է հաստատ պահենք մեր հայեացքը Յիսուսին վրայ (Հրէից 12, 2) եւ այս հաւատքով ողջագուրենք Աստուծոյ Թագաւորութեան յոյսը՝ զոր նոյնինքն Յիսուս բերաւ մեզի (Մարկ 1,5. Մատթ 4,14. ԿԵՔ 2816)։ Ապաքինումի  եւ փրկութեան թագաւորութիւն մը՝  որ արդեն իսկ ներկայ է մեր մէջ (Ղուկ 10, 11)։ Արդարութեան եւ խաղաղութեան թագաւորութիւն մը, որ կը յայտնուի բարեսիրական գործերով, որոնք իրենց կարգին կ՛աճեցնեն յոյսը եւ կ՛ամրապնդեն հաւատքը (Ա Կորընթաց.  13, 13)

Քրիստոնէական աւանդութեան մէջ՝  հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, զգացումներ կամ վերաբերմունք ըլլալէ շատ աւելի են։ Անոնք մեր մէջ դրոշմուած առաքինութիւններ են Սուրբ Հոգւոյն շնորհքով. Պարգեւներ՝ որոնք մեզ կը բուժեն ու մեզ կը դարձնեն բուժողներ, պարգեւներ՝ որոնք մեր առջեւ կը բանան նոր հորիզոններ, նոյնիսկ երբ կը նաւարկենք մեր ժամանակներու դժուար ջուրերուն մէջ։

Հաւատքի. յոյսի եւ սիրոյ Աւետարանին հետ նոր հանդիպում մը մեզ կը հրաւիրէ ունենալու ստեղծագործ եւ նորոգուած հոգի մը։ Այդ ձեւով կարող կ՛ըլլանք փոխակերպելու  մեր ֆիզիկական, հոգեկան եւ ընկերային  հիւանդութեան արմատները։ Կարող կ՛ըլլանք իրենց խորքին մէջ դարմանել անարդար կառոյցները ու կործանիչ գործողութիւնները, որոնք մեզ կը բաժնեն մէկը միւսէն, սպառնալով մարդկային ընտանիքն ու մեր մոլորակին։

Յիսուսին առաքելութիւնը բուժումի տարբեր օրինակներ կու տայ։  Ան կը բուժէ տաքութիւն ունեցողները (Մարկ 1, 29-34), բորոտները (Մարկ 1, 40-45), անդամալոյծները ( Մարկ 2, 1-12)։ Երբ ան  տեսողութիւն (Մարկ 8, 22-26. Յովհ. 9, 1-17) լսողութիւն եւ խօսք (Մարկ 7, 31-37) կը պարգեւէ, իրականութեան մէջ չի բուժեր միայն ֆիզիկական վնասը, այլ համայն մարդը։ Եւ այդպէսով զայն կը վերադարձնէ իրեն հասարակութեան ու զայն կ՛ազատէ մեկուսացումէն։

Մտաբերենք Կափառնաումի անդամալոյծին գեղեցիկ բուժումը (Մարկոս 2, 1-12)։ Մինչ Յիսուս կը քարոզէր տան մը մուտքին, չորս մարդիկ իրենց անդամալոյծ բարեկամը կը բերեն Յիսուսին մօտ ու չկարենալով մտնել առաստաղի մէջ ծակ մը կը բանան եւ այնտեղէն կ՛իջեցնեն զինք։ Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը անդամալոյծին կ՛ըսէ «Որդեակ ներուած են քու մեղքերդ», ապա որպէս տեսանելի նշան անոր կ՛ըսէ «Ոտքի կանգնէ առ մահճակալդ եւ գնա տունդ»։

Յիսուսին ներգործութիւնը պատասխան է այդ անձերուն հաւատքին, անոնց Անոր վրայ դրած յոյսին եւ սիրոյն զոր կը ցուցաբերեն մէկը միւսին նկատմամբ։ Յիսուս առ այդ չի բուժեր միայն անդամալուծութիւնը այլ կը ներէ մեղքերը, կը նորոգէ այդ անձին ու անոր բարեկամներուն կեանքը։ Ֆիզիկական եւ հոգեկան բուժում մը անձնական եւ ընկերային հանդիպումի պտտող։

Պահ մը երեւակայենք թէ ինչպէս այդ բարեկամները եւ այդ տան մէջ բոլոր ներկաներուն հաւատքը աճեցաւ շնորհիւ Յիսուսի արարքին։ Յիսուսին հետ բուժիչ հանդիպումին։

Առ այդ մեզի հարց տանք. Ի՞նչ ձեւով կարող ենք օգնել եւ բուժել մեր աշխարհը այսօր։ Որպէս աշակերտները մեր Տիրոջ Յիսուսին՝ մարմնոյ եւ հոգիներու բժիշկ, կանչուած ենք շարունակելու անոր բժշկութեան եւ փրկութեան գործը՝ ֆիզիկական, ընկերային եւ հոգեւոր իմաստով։ 

Եկեղեցին թէեւ խորհուրդներու ընդմէջէն կը մատակարարէ Քրիստոսի բուժարար շնորհքը, թէեւ առողջապահական ծառայութիւն կը մատուցէ աշխարհի ամենամոռցուած անկիւններուն մէջ, մասնագէտ չէ համաճարակի կանխարգիլման ու անոր խնամքին մէջ։ Եւ չի կրնար ոչ իսկ քաղաքական յատուկ ցուցմունքներ տալ։ Ասիկա քաղաքական եւ ընկերային ղեկավարներու պարտականութիւնն է։

Այսուհանդերձ, դարերու հոլովոյթին եւ Աւետարանի լոյսին ներքոյ Եկեղեցին զարգացուց ընկերային հիմնական սկզբունքները՝ որոնք կարող են սատարել յառաջ  ընթանալու համար եւ պատրաստելու ապագայ մը՝ որուն կարիքը ունինք։

Կը նշեմ այդ սկզբունքներէն հիմնականները. Մարդ անհատի արժանապատւութիւնը, հասարակաց բարիքը, աղքատներուն նախապատուութեան ընտրանքը, բարիքներու տիեզերական բաշխումը, զօրակցութիւնը, կարեկցութիւնը եւ հասարակաց տան խնամքը։

Բոլորն ալ սկզբունքներ են, որոնք տարբեր ձեւերով կ՛արտայայտեն հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ առաքինութիւնները։

Յառաջիկայ շաբաթներուն կը հրաւիրեմ ձեզ միասնաբար անդրադառնալու  այն հրատապ հարցերուն, զոր ի յայտ դրաւ համաճարակը, յատկապէս ընկերային հիւանդութիւնները։ Եւ այս պիտի ընենք Աւետարանի լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ աստուածաբանական առաքինութիւններուն եւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան սկզբունքներու լոյսին ներքոյ։  

Միասին պիտի ուսումնասիրենք՝ թէ ինչպէս մեր կաթողիկէ ընկերային աւանդութիւնը կարող է օգնել մարդկային ընտանիքը բուժելու այս աշխարհը, որ կը տառապի լուրջ  հիւանդութիւններէ։ 

Փափաքս է խորհրդածել ու աշխատիլ բոլորս միասին, որպէս հետեւորդները Յիսուսին, որ կը բուժէ, կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը, լի յոյսով յաջորդ սերունդներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2020, 09:58