Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 օգոստոսի ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան առանցքը կազմեց մարդ անհատի արժանապատուութիւնը։

«Համաճարակը ի յայտ դրաւ մեր դիւրաբերութիւնը եւ իրարկախուածութիւնը, եթէ մէկը միւսին խնամք չի տանինք, սկսեալ վերջիններէն, ներառեալ արարչութեանը, կարող պիտի չ՛ըլլանք բուժել աշխարհը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 12 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, շարունակելով անցեալ շաբաթ սկսած խորհրդածութիւններու «աշխարհը բուժել» վերադրութեամբ նոր շարքը՝ հայող համաճարակին ու համաճարակէն ետք կառուցելիք աշխարհին, այս անգամ յատուկէն անդրադառնալով մարդու արժանապատուութեան հարցի մասին։

Ունկնդրէ լուրը

«Համաճարակը ի յայտ դրաւ մեր դիւրաբերութիւնը եւ իրարկախուածութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով՝ թէ «եթէ մէկը միւսին խնամք չի տանինք, սկսեալ վերջիններէն, ներառեալ արարչութեանը, կարող պիտի չ՛ըլլանք բուժել աշխարհը»։ 

Ան ապա նշեց թէ հարկաւոր է « գնահատել բազմաթիւ այն անձերու յանձնառումը՝ որոնք այս ամիսներու ընթացքին  վկայութիւն տուին մարդկային եւ քրիստոնէական սիրոյն՝ հանդէպ մերձաւորին, նուիրուելով հիւանդներուն, վտանգի տակ դնելով նոյնիսկ իրենց առողջութիւնը»։

«Քորոնավիրուսը միակ հիւանդութիւնը չէ որուն դէմ պէտք է պայքարիլ, համաճարակը լուսարձակի տակ դրաւ աւելի ընդարձակ ընկերային հիւանդութիւններ» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը նշելով թէ «Անոնցմէ մէկը անհատի խեղաթիւրուած տեսլականն է, հայեացք մը՝ որ կ՛արհամարհէ անոր արժանապատուութիւնը եւ անոր  յարաբերուելու  բնոյթը»։

«Յաճախ  ուրիշներուն կը նայինք կարծես թէ գործածուելիք եւ ապա մսխուելիք իրեր ըլլային»։

Հաւատքի աչքերով սակայն գիտենք թէ Աստուած մարդուն ու կնոջ կը նայի տարբեր ձեւով։ Ան մեզ ստեղծեց ոչ որպէս իրեր, այլ որպէս սիրուած անձեր, որոնք կարող են սիրել, իր նմանութեան ու պատկերին համաձայն։ Այս ձեւով Ան մեզի տուաւ իւրօրինակ արժանապատուութիւն մը մեզ հրաւիրելով ապրիլ իր հետ հաղորդութեան մէջ, մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն հետ միասին, յարգելով համայն արարչութիւնը։ Եւ Աստուծոյ հետ այս հաղորդութիւնն է որ մեզի կարողութիւն կու տայ բազմացնել ու պահպանել կեանքը, աշխատիլ ու հոգ տանիլ մայր հողին» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը օրինակ բերելով ջ Յակոբի եւ Յովհաննէսի Մայրը՝ որ Յիսուսէն կը խնդրէ՝ որ իր զաւակները նստէին նոր թագաւորի՝ աջ եւ ձախ կողմը (Մատթ. 20, 20-28)։ «Յիսուս սակայն տարբեր տեսլական մը կ՛առաջարկէ՝ ծառայութեան եւ ուրիշներու համար կեանքը զոհելու տեսլականը» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով  «Խնդրել  Տիրոջմէն՝որ մեզի տայ աչքեր, որոնք ուշադիր ըլլան մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին, անոնց մէջ ճանչնալով  արժանապատուութիւնը՝ անկախ անոնց ցեղէն, լեզուէն եւ կեանքի պայմաններէն»։

Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը կ՛ընդգծէ թէ այս արժանապատուութիւնը անքակտելի է որովհետեւ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Ան հիմքն է համայն ընկերային կեանքին ու կը սահմանէ գործնական սկզբունքները։ Եւ ժամանակից մշակոյթին մէջ այդ արժանապատուութեան անքակտելիութեան  սկզբունքի ամենամօտ յղումը՝ Մարդկային  Համընդհանուր Իրաւունքի հռչակագիրն է, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որակեց «անկիւնաքար ՝ մարդկային ցեղի երկար եւ դժուար ուղեւորութեան»։

«Իրաւունքները անհատական չեն այլ նաեւ ընկերային, կը պատկանին ժողովուրդներուն եւ ազգերուն» շարունակեց Սրբազան Պապը։ Մարդ անհատը արդարեւ իր անձնական արժանապատուութեան մէջ ընկերային էակ մըն է, ստեղծուած Աստուծոյ մէկ եւ երրեակ պատկերին համաձայն։

Եղբօր ու համայն արարչութեան նայիլը որպէս Աստուծոյ սերէն ընկալուած պարգեւ կը հրահրէ ուշադրութեան վարուելակերպ, խնամքի եւ զարմանքի վերաբերմունք։

Հաւատացեալը՝  մերձաւորը տեսնելով որպէս եղբայր ու ոչ որպէս օտարական, անոր կը նայի մերձակցութեամբ եւ սիրով, ոչ թէ անարգանքով եւ թշնամութեամբ։

Եւ աշխարհը դիտելով  հաւատքի  լոյսին տակ ան կը ջանայ շնորհքի օգնութեամբ զարգացնել իր ստեղծագործութիւնը լուծելու համար պատմութեան ողբերգութիւնը։

Մինչ կ՛աշխատինք խնամելու համաճարակ մը, որ բոլորը կը հարուածէ  առանց խտրութեան, հաւատքը մեզ կը խրախուսէ յանձնառու ըլլալու լրջութեամբ եւ գործնական գետնի վրայ, հակազդելու համար անտարբերութիւնը ի դէմ մարդկային արժանապատուութեան խախտումներուն։

Հաւատքը կը պահանջէ որ թոյլ տանք բժշկուիլ եւ դարձի գալ մեր անհատականութենէն ըլլայ անձնական ըլլայ հաւաքական։

Թող որ Տէրը մեզի վերապարգեւէ տեսողութիւնը, որպէսզի բացայայտենք թէ ինչ կը նշանակէ մարդկային ընտանիքի անդամ ըլլալը։ Եւ թող որ այս հայեացքը թարգմանուի շօշափելի գթութեան եւ յարգանքին արարքներով, ամէն մէկ անձի նկատմամբ եւ մեր հասարակաց  տան նկատմամբ հոգատարութեան ու պահպանումի արարքներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2020, 10:52