«Աստուած միակ արդարը» «Աստուած միակ արդարը»  

«Աստուած միակ արդարը» Ֆրանչիսկոս Պապին 25 օգոստոսի թուիթը

«Աղօթենք խնդրելով շնորհքը մենք մեզ զգալու կարօտ ողորմութեան, ներքնապէս աղքատ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Իւրաքանչիւր հոգեւոր սխալի մը արմատը՝ մենք մեզ արդար նկատելն է։ Արդար նկատել մենք զմեզ կը նշանակէ միակ արդարը՝ Աստուած, տունէն դուրս թողուլ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 25 օգոստոսին թուիթը որուն պարունակութիւնը քաղուած էր 27 հոկտեմբեր 2019-ի Ամազոնի տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագի քարոզէն, ուր սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղած էր անկեղծօրէն նայելու մեր ներսը, ուր «պիտի գտնենք մաքսաւորն ու փարիսեցին» ըսած էր Ան, «որովհետեւ մենք քիչ մը մաքսաւոր ենք, ըլլալով մեղաւորներ եւ քիչ մը փարիսեցի՝ ըլլալով սնապարծ ու կարող մենք մեզ արդարացնելու….»

«Աղօթենք խնդրելով շնորհքը մենք մեզ զգալու կարօտ ողորմութեան, ներքնապէս աղքատ», թելադրեց ապա Սրբազան Հայրը դիտել տալով՝ թէ այդ ուղղութեամբ «լաւ կ՛ըլլայ նաեւ յաճախել աղքատները, որպէսզի յիշենք մեր աղքատութիւնը ու յիշենք թէ միայն ներքին աղքատութեան  մթնոլորտի մէջ է՝ որ կը գործէ Աստուածային փրկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2020, 13:30