«Աղօթքի մարդոց ու կիներուն դէմքը լուսաւոր է» «Աղօթքի մարդոց ու կիներուն դէմքը լուսաւոր է» 

«Աղօթքի մարդոց ու կիներուն դէմքը միշտ լուսաւոր է». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աղօթքի մարդիկն ու կիները իրենց դէմքին վրայ կը կրեն լոյսին ցոլացումը, որովհետեւ նոյնիսկ ամենէ խաւար օրերուն արեւը չի դադրիր զանոնք լուսաւորելէ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթքի մարդիկն ու կիները իրենց դէմքին վրայ կը կրեն լոյսին ցոլացումը, որովհետեւ նոյնիսկ ամենէ խաւար օրերուն արեւը չի դադրիր զանոնք լուսաւորելէ» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 7 օգոստոսին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ 20 Մայիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութենէն, որ կեդրոնացած էր աղօթքի վրայ եւ որուն մէջ ի մէջ այլոց Քահանայապետը հաստատած էր.  «Աղօթքը յոյսին առաջին ուժն է։ Երբ դուն աղօթես յոյսը կ՛աճի, յառաջ կ՛ընթանայ։ Ես կ՛ըսեմ թէ աղօթքը կը բանայ յոյսին դռները։ Որովհետեւ աղօթքի մարդիկը կը պահպանեն հիմնական ճշմարտութիւնները, անոնք նախ եւ առաջ իրենք զիրենք ապա ուրիշներուն կը կրկնեն՝ թէ «այս կեանքը, հակառակ բոլոր դժուարակրութիւններուն ու խոչընդոտներուն լի է զարմանալի շնորհքներով։ Եւ ասոր համար ան պէտք է միշտ պահպանուի եւ պաշտպանուի»։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարդիկն ու կիները որոնք կ՛աղօթեն գիտեն թէ յոյսը աւելի զօրաւոր է յուսալքումէն։ Կը հաւատան որ սէրը աւելի հզօր է մահուընէ ու թէ վստահաբար ան օր մը պիտի յաղթէ, նոյնիսկ եթէ մեզի անծանօթ ժամանակներով եւ ձեւերով» ըսած էր միշտ Նորին Սրբութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 13:30