Սուրբ Պօղոսի հրապարակին վրայ Լիբանանի դրօշակն ու Լիբանանցիներ Սուրբ Պօղոսի հրապարակին վրայ Լիբանանի դրօշակն ու Լիբանանցիներ 

Քահանայապետերն ու Լիբանանը, սիրոյ եւ կարեկցութեան վայրը։

Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը լիբանան կեցութեան ժամանակ յայտարարեց իր «Առաքելական յորդոր»-ին կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ յորդորը պատգամ մըն է, որ Լիբանանէն պիտի ուղղուի ամբողջ Արեւելքին եւ հոն գտնուող քրիստոնեաներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետերուն շարքին, Լիբանան առաջին անգամ ոտք դրաւ Պօղոս Զ. Պապը՝ 1964ին։

Ան պաշտօնական հովուական այցելութեամբ չէ, որ ժամանեց Լիբանան, այլ  թեքնիք պատճառներու բերումով, մէկ ժամ տեւողութեամբ փոքրիկ դադար կատարեց Լիբանանի միջազգային օդակայանին մէջ՝ դէպի Պոմպէյ ճամբորդութեան ժաշամակ ուր ուղղուած էր մասնակցելու համար Սուրբ Հաղորդութեան համաժողովին։ 

Հազարաւոր Լիբանանցիներուն ներկայութեամբ Պօղոս Զ Պապը դիմաւորեց Lիբանանի նախագահ  Շարլ Հլու ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան քաղաքական եկեղացական անձնաւորութիւններ։։

Պօղոս Զ Պապին կարճ այցելութեան յիշատակը վառ մնաց այն ժամանակուան բարգաւաճ Լիբնանացի ժողովուրդին յիշողութեան մէջ։ Այդ առթիւ արտասանած հակիրճ պատգամին մէջ Պօղոս Զ Պապը ըսած էր։

«Լիբանանը վաստակած է իր պատմութիւնը, մշակոյթը, բնակիչներուն խաղաղ բնաւորութիւնը, կրնանք ըսել ընդահանուր յարգանքն ու բարեկամութիւնը։ Լիբանանի հնագոյն եւ յարգելի կրօնական աւանդութիւնները, նախ եւ  առաջ մեր բարձր գովասանքի արժանի է ։ Մենք պիտի չմոռնանք մասնաւորապէս այն ինչ, որ եկեղեցւոյ համար կը ներկայացնէ լիբանանի քրիստոնեայ բնակչութեան հաւատքը, արտայայտուած ծէսերու ներդաշնակ բազմազանութեան, կրօնական եւ վանական համայնքներու առատութեամբ ու բազմազանութեամբ՝ առաքելական , կրթական, մշակութային եւ բարեգործական գործունէութիւններուն միջոցաւ։

Պօղոս Զ Պապին ցաւն ու կսկիզը ի տես Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմին։

Պօղոս Զ Պապին քահանայապետութեան շրջանին աւարտը բնորոշուուեցաւ Լիբանանին մէջ սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմով։ Արդարեւ, Ան շարունակ կոչ ուղղեց, Լիբանանի ժողովուրդի պաշտպանութեան ու խաղաղութեան ի սպաս։ 5 յուլիս 1978ին, նախ քան, Հօրենական տուն վերադառնալը ,Պօղոս Զ Պապը կոչ  ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու ռմբակոծումները, Պէյրութի Քրիստոնեայ շրջաններուն վրայ, որ բազմաթիւ զոհ ու վիրաւոր պատճառեց։

Ունկնդրէ լուրը


Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի սէրը Լիբանանի ժողովուրդին նկատամբ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ցաւ պատճառեց նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին։

Լիբանանի խաղաղութեան ի սպաս յղած բազմաթիւ կոչերէն արժանի է յիշել,  1 մայսին 1984,ին, Լիբանանի պատրիարքներուն հետ ունեցած հանդիպումէ ետք  յղած պատգամը ։ Սուրբ ՅՊԲ Պապ Լիբանանցիներէն խնդրեց, որ միշտ վառ պահեն իրենց յոյսը հայրենիքին ու մարդուն նկատմամբ, ձեռնարկելով խաղաղութեան ուղին։

Ապա՝ եկեղեցիէն խնդրեց, որ միշտ ապահովէ երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ծառայութիւնը, որուն ուժը կը քաղէ Քրիստոսի սիրտէն։ Արժանի է յիշել Սուրբ Պապին հետեւեալ խօսքը եկեղեցականներուն։ «Գալիք սերունդները ձեզ պիտի դատեն ներկայի լարուածութիւնն ու ողբը  յաղթահարելու կարողութեան վրայ։ 


ՅՊԲ Սուրբ Քահանայապետը, Լիբանանի պատերազմի վերջին տարիներուն, դիւանագիտական գետնի վրայ ամէն ջանք թափեց պահպանելու եւ գտնելու՝ հակամարտութեան խաղաղ  լուծումներ։

1997 ին, Սուրբ Պապը առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Լիբանան. որուն յիշատակը տակաւին թարմ է մնա Լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ, Լիբանանը անուանելով «Պատգամի երկիր»։

36 ժամ տեւողութեամբ Լիբանանի տուած կարճ այցելութեան ծիրէն ներս, արտասանած Սուրբ Պապին խօսքերը տակաւին կը հնչեն Լիբանանի ժողովուրդին ականջներուն մէջ ։ «Ձեզի կը պատկանի վար առնել ցաւի ու տառապանքի օրերուն ձեր հայրենիքին մէջ կառուցուած  պատնէշները։ Այլեւս՝ պատնէշներ մի կառուցէք՝ ձեր հայրենիքին ծոցէն ներս։ Ընդհակառակը ,պէտք է որ կամուրջներ կառուցել անձերու , ընտանիքներու եւ տարբեր հասարակութիւններուն միջեւ։

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին Լիբանան կատարած այցելութենէն 15 տարի ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը պատմական այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան, ուր ան արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:

Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած պապը դիմաւորելու պարտականութեամբ, երկրին իշխանութեան երեք պետերը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանը բաղկացնող տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողոկոս պատրիարքը։
Օդանաւին մէջ  ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կոչ ուղղեց կասեցնելու դէպի Սուրիա զէնքի ուղարկումը: «Զէնքի մատակարարումը մեծագոյն մեղքն է եւ պէտք է զայն անմիջապէս ու վերջնականապէս կասեցնել», ըսաւ ան:

Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը լիբանան կեցութեան ժամանակ արտասանեց այլ  խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց Լիբանանէն իր յայտարարելիք «Առաքելական յորդոր»-ին կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ յորդորը պատգամ մըն է, որ Լիբանանէն պիտի ուղղուի ամբողջ Արեւելքին եւ հոն գտնուող քրիստոնեաներուն:

Պապը նշեց Լիբանանի դիմագրաւած ցաւալի դէպքերը, որոնց լոյսին տակ ընդգծեց տարբեր համայնքներուն միջեւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան կ՛այցելէ իբրեւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն եւ այդ պատճառով ալ իր այցելութեան կարգախօսին վերածած է Յիսուս Քրիստոսի «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» պատգամը:

Պենետիկոս ԺԶ. պապը հաստատեց, որ ինք Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն բարեկամն է:
Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` գնահատելով անոնց միասնականութիւնն ու ներդաշնակութիւնը եւ հաստատելով, որ լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը պէտք է Միջին Արեւելքին եւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տայ, որ կայ երկիր մը, որ իր տարբեր համայնքներով համերաշխ կ՛ապրի եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը կ՛իրականացնէ:
«Լիբանանեան այս հաւասարակշռութիւնը օրինակելի է եւ զգայուն, ինչպէս նաեւ ենթակայ սպառնալիքներու, երբ ան կ՛ենթարկուի ճնշումներու: Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ չափաւորական, հաւասարակշռուած եւ իմաստուն», ըսաւ ան:

Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Հարիսայի յոյն կաթողիկէ համայնքի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ստորագրեց «Առաքելական յորդոր»-ը, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանի:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին յաջորդը՝ Ֆրանչիսկոս Պապ տակաւին ժամանակ ու առիթ չ՝ունեցաւ Լիբանան այցելելու ։ Սակայն Ան սիրտով ու միտքով միշտ նեցուկ գտնուեցաւ Լիբանանի ժողովուրդին։  Իսլամ եւ Քրիստոնեայ երկխօսութեան ծիրէն ներս անապակաս չեղան ֆրանչիսկոս Պապին կոչերն ու նախաձեռնութիւնները 

2013ին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր քահանայապետութեան շրջանին առաջին աւագ ուրբաթ օրուան, Քոլոսէյոյի ամփիթատրոնին մէջ նախագահած ճանապարհ խաչի աղօթքի խորհրդածութիւնները պատրաստեցին Լիբանացի երիտասարդները։

«Տէր, այնպէս մը ըրէ, որ անմեղ զոհերու արիւնը սերմ դառնայ՝ աւելի եղբայրական, խաղաղ ու աւելի արդար արեւելքի համար ։

Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր առիթներով նիւթական օգնութիւն տրամադրեց Լիբանանի ժողովուրդին,  յատկացնելով նաեւ կրթաթոշակ դպրոցականներուն

Վերջերս Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցող պայթումներուն տխուր առիթով ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ ըսելով. «Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանին մէջ զօրեղ պայթումներ պատճառեցին տասնեակ մահեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ ու շատ ծանր վնասներ։ Աղօթենք զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ աղօթենք Լիբանանի համար, որպէսզի բոլոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բաղադրիչներու յանձնառութեամբ, կարողանայ դիմագրաւել այս պահը որ այնքան աղէտալի եւ ցաւալի է եւ միջազգային ընտանիքին օգնութեամբ յաղթահարէ այս ծանր ճգնաժամը» ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2020, 13:41