Ծովային աշխարհը. Քահանայապետին օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Աղօթենք բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կ՛աշխատին եւ իրենց ապրուստը կը հոգան ծովէն, ներառեալ նաւաստիները, ձկնորսներն ու անոնց ընտանիքները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նաւաստիի, ձկնորսի ու անոնց ընտանիքներուն կեանքը շատ ծանր է։

Յաճախ ան յատկանշուած է հարկադիր աշխատանքով եւ կամ հեռաւոր նաւահանգիստներու մէջ լքումով։

Արդիւնաբերական ձկնորսութիւնն ու ապականումը աշխատանքը աւելի բարդ կը դարձնեն։

Առանց ծովագնացներու, աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ  քաղց կը տիրէր

Աղօթենք բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կ՛աշխատին եւ իրենց ապրուստը կը հոգան ծովէն, ներառեալ նաւաստիները, ձկնորսներն ու անոնց ընտանիքները։

Այս է օգոստոս ամսուայ Քահանայապետին աղօթքի դիտաւորութիւնը որ հրապարակուեցաւ երեքշաբթի 4 օգոստոսին, Նորին Սրբութեան լսատեսողական պատգամով մը։

 Ծովի առաքելութեան 100-րդ տարեդարձին առթիւ Սրբազան Պապին սոյն աղօթքի դիտաւորութիւնը շեշտը կը դնէ ծովայիններուն, ձկնորսներուն  եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ։ Եւ Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու անոնց համար։

«Ձկնորսներ և թալանողներ. Գողութիւն, ստրկութիւն և բռնութիւն ծովուն մէջ» վերադրութեամբ հատորը ի յայտ կը դնէ թէ ծովագնացները աշխարհին մէջ ամենավտանգաւոր գործը կը  կատարեն ու շատ անգամ թիրախ են ստրկութեան ու չարաշահումներուն։

Ըստ վերջին տուեալներուն 2020-ին ծովային աշխարհին մէջ գործող  745 անձեր մահացած են ու վիրաւորուած այլ 9000 անձինք։

Քահանայապետին մտահոգութիւնը կը հայի ծովագնացներուն ու ձկնորսներուն դիմագրաւելիք ամենօրեայ դժուարութիւններուն։ Ան կ՛ընդգծէ նաեւ այն իրականութիւնը թէ առանց ծովագնացներու աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ անօթութիւն պիտի տիրէր։ Արդարեւ աւելի քան 3 միլիառ մարդոց կենսապահովութիւնը  կախեալ է  ծովու եւ ափամերձի կենսաբազմազանութենէն, առանց նկատի առնելու նաեւ այն տուեալը թէ ծովային ձկնորսութիւնը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն աշխատանք կու տայ  աւելի քան 200 միլիոն մարդոց:

Քահանայապետի օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը իրականացուած  է համագործակցութեան Ծովի առաքելութեան, որ համայն աշխարհի մէջ  ծովայիններուն աջակցող կաթողիկէ բարեգործական հաստատութիւն է հիմնուած Կլասքովի մէջ 1920 թուականին։ Ան այս տարուայ հոկտեմբերին պիտի լրացնէ իր հիմնադրութեան 100 ամեակը, որոնց ընթացքին խթանած է ծովայիններու հովուական խնամակալութեան ծառայութիւնը, իր 1000 մատրանապետներով եւ կամաւորներով ծառայութիւն մատուցելով աւելի քան մէկ միլիոն ծովայիններու եւ ձկնորսներու։

Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի մօտ Ծովի միջազգային առաքելութեան տնօրէն Հայր Պրունօ Չիչերի նկատել տուաւ որ «Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան» համաճարակի յայտարարութենէն ասդին, բացայայտ է որ ծովայիններու ձկնորսներու ու անոնց ընտանիքներու կեանքը նշանակալից կերպով վնասուած է։  Մեր Մատրանապետներն  ու կամաւորները կը ջանան աջակցիլ ծովայիններու կարիքներուն ու հսկել՝ որպէսզի անոնք չի չարաշահուին, ուրիշներուն համար մատուցած իրենց ծառայութիւններու ընթացքին»։

Օգոստոս ամսուայ ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ ուրեմն աղօթել՝  - այսինքն մեր սրտերուն մէջ կրել ու արժեւորել - բոլոր այն անձերը որոնք կ՛աշխատին եւ կ՛ապրին ծովու արտադրանքէն, անոնց զոհողութիւններուն համար ու անոնց համայն մարդկային ընտանիքին նուիրած  սատարին համար,  հայող ուտեստեղէնի, կամ այլ հիմնական ու կենսական անհրաժեշտութիւններու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2020, 17:00