Պրազիլի մէջ կրօնաւորներու խումբ մը Պրազիլի մէջ կրօնաւորներու խումբ մը 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Պէտք է արդար աչքեր ունենալ Աստուծոյ շնորհքը տեսնելու համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Պրազիլի մէջ անձինք նուիրեալներուն շաբաթը կազմակերպած կրօնաւորներուն համահաւաք դասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Անձինք նուիրեալներուն կեանքը հայեացքի հարց  է կրօնաւոր մը ժողովուրդին մէջ մնալով, կրնայ իր յատուկ առաքելութիւնը կատարել՝ իր հայեացքը սեւեռելով՝ կամ  Աստուծոյ կամ ալ աշխարհին վրայ։ Աղօթքը միշտ եղած է միակ դարմանը, մեր հայեացքը Աստուծոյ վրայէն չշեղելու համար։» Այս տողերը գրած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Պրազիլի կրօնաւորներուն համահաւաք դասին, որ 16էն 22 օգոստոսին, Պրազիլի մէջ նախաձեռնած է Անձինք նուիրեալներու նուիրուած շաբաթ ծրագիրը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը  անդրադառնալով անձինք նուիրեալներու կոչումին գրած է, որ կոչումի ուղեւորութիւնը իր ծագումը ունեցած է այն փորձառութեան մէջ, որ է գիտակցիլ, թէ բոլորս սիրուած ենք Աստուծմէ ու կոչումը ուրախութեան հրաւէր է, որ կը կայանայ՝ լոկ ծառայեութեան անձնուիրումի մէջ։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձած է ժամանակից արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն նկատել տալով որ աշխարհը կ՝ապրի դարաշրջանային փոփոխութեան մը մէջ, ուր պէտք է զգոյշ ըլլալ խուսափելու համար աշխարհիկ տեսլական մը ունենալու փորձութենէն, որ արգելք կը հանդիսանայ՝Աստուծոյ շնորհքը տեսնելու, որպէս կեանքի դերակատարը։
 
Ֆրանչիսկոս Պապ պապ ընդգծած է, թէ լաւագոյն պատուսատը աղօթքն է, վստահ ըլլալով, թէ ան որ իր հայեացքը սեւեռած կը պահէ Յիսուսի վրայ պիտի սորվի ապրիլ՝ ուրիշներուն ծառայելու համար։

Նորին Սրբութիւնը նամակը աւարտած է հրաւիրելով անձինք նուիրեալները, հարց տալու եթէ Յիսուսը իրենց կեանքին միակ ու առաջին սէրն է, ինչպէս խոստացած էին իրենց կրօնաւորական կեանքին սկիզբը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2020, 12:21