Ֆրանչիսկոս Պապը Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքներուն հետ 

Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու իրաւասութիւնը ընդլայնուեցաւ համայն Արաբական Թերակղզիին վրայ

Որոշումը առնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ի պատասխան Պատրիարքներու խնդրանքին՝ հաւատացեալներու հոգեւոր աւելի մեծ բարիքի մը ի նպաստ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հրամանագիրով մը, զոր հրապարակուեցաւ 6 օգոստոսին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ, Ֆրանչիսկոս Պապը Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու իրաւասութիւնը ընդլայնեց համայն Արաբական թերակղզիին վրայ։ Քահանայապետը այս որոշումը կայացուց Պատրիարքներուն  անոր ներկայացուցած խնդրանքին հիման վրայ, իրենց հաւատացեալներուն աւելի մեծ հոգեւոր բարիքի ի նպաստ եւ նկատի առնելով այդ տարածքի մէջ Պատրիարքներու իրաւասութեան պատմական լիազօրութիւնները։ 

Իրենց իրաւասութեան տակ գտնուող Արեւելցի հաւատացեալներու հովուական խնամատարութիւնը պիհրամանագիրինտի կատարուի համադրութեան Առաքելական փոխանորդներու։ Ի  բացառութիւն Քահանայապետական Ներկայացուցիչներուն վերապահուած լիազօրութիւններուն Առաքելական Փոխանորդները կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն են համապատասխան երկիրներու իշխանութիւններուն մօտ եւ այս ոլորտէն ներս Արեւելիքի Պատրիարքները պէտք է նկատի առնեն այս մէկը, նշուած է հրամանագիրին մէջ ուր նաեւ ընդգծուած է թէ նոր եկեղեցական գաւառներու ստեղծումը Պատրիարքներու կողմէ պէտք է ընդունի Սուրբ Աթոռին հաւանութիւնը։

Յիշեցնենք թէ մերձաւոր ու միջին արեւելքի տարածաշրջանին վրայ իրաւասութիւն ունին Վատիկանեան երկու «Ժողովներ»՝ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը։

Քահանայապետական սոյն հրամանագիրը պտուղն է լուրջ քննարկումի զոր Քահանայապետը կատարեց Հռոմի Քուրիայի իրաւասու մարմիններու հետ,  ունկնդրելէ ետք Պատրիարքներուն եւ Առաքելական Փոխանորդներուն  ներկայացուցած  դիտարկումները։

Այս դրոյթը կը վերաբերի  արևելեան կաթողիկէ վեց պատրիարքական եկեղեցիներուն ՝ Ղպտի, Մարոնի, Ասորի, Յոյն Մելքիդ, Քաղդէացի եւ Հայ կաթողիկէ։

Հրամանագիրին հեռանկարը կը մնայ միշտ հաղորդութիւնը։ Ծիսական աւանդութիւններու տարբերութիւններու եւ անոնց պատմական եւ օրինական լիազօրութիւններուն հանդերձ Կաթողիկէ Եկեղեցին, մահմետական ճնշող մեծամասնութեամբ իրականութեան մը ներքոյ, պէտք է շարունակէ պահպանել եւ խթանել ՝ հովուական, միասնութեան ու համագործակցութեան գործունէութեան մը հորիզոնը։

Բոլորը միասին լատիններ եւ արեւելցիներ աւելի համակարգուած եւ կառուցուածքային կերպով պիտի շարունակեն հետեւելու տարածաշրջանին մէջ ներկայ  կաթողիկէ աշխատաւոր գաղթական հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնց երբեք չի պակսի Աւետարանի հռչակումին ունկնդրութիւնը եւ իրենց հովիւներու կողմէ առաջնորդուելու կարելիութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 07:28