Էրմինէ Նծօթօ բժշկական անձնակազմին հետ Էրմինէ Նծօթօ բժշկական անձնակազմին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապը մկրտեց սիամի երկաւորեակները. Անոնց մօր նամակը։

Էրմինէ Նծօթօ՝ մայրը գլուխէն միացած սիամի երկուորեակներուն, որոնք Յուլիսի սկիզբը՝ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանին մէջ կատարուած արտակարգ գործողութեան մը աւարտին իրարմէ բաժնուեցան, երախտագիտական նամակ մը յղեց Ֆրանչիսկոս Պապին, որ մի քանի օրեր առաջ, մկրտեց փոքրիկները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

«Եթէ վաղը իմ զաւակներս պիտի կարողական մաս կազմել այս աշխարհի վրայ ապրող բախտաւոր մանուկներուն, այդ մէկը կը  պարտիմ 2015-ին Պանկիի մէջ բացուած Սուրբ Դռան, ուղի մը, որուն մէջէն  կարող են քալել ինծի նման կարիքաւորները»։ Այսպէս կը  գրէ Էրմինէ Նծօթօ՝ անցեալ Յուլիսին սկիզբը՝ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանին մէջ արտակարգ գործողութեան մը աւարտին իրարմէ զատուած սիամի երկուորեակներու մայրը Ֆրանչիսկոս Պապին յղած իր երախտագիտական նամակին մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Նորին Սրբութեան որ մի քանի օրեր առաջ մկրտած էր իր այդ երկու փոքրիկները։

Նամակին մէջ Էրմինէ Նծօթօ կը պատմէ իր «անտառի գիւղացի աղջկայ» կեանքը, որ ծնած էր փոքրիկ գիւղի մէջ՝  Պանկիէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Քաղաքը ուր Ֆրանչիսկոս Պապը 2015 թուականին սկիզբ տուաւ ողորմութեան յոբելենական սուրբ տարուան, բացումը կատարելով քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ  Սուրբ Դռան։ Դուռ մը որ Էրմինէին համար կը ներկայացնէ ապագան։

«Մարիա եւ Ֆրանչեսքա իմ երկու հրաշք զաւակներս Նորին Սրբութեան ձեռքով մկրտելը ինծի կը հաստատէ թէ Աստուած իսկապէս մօտիկ է վերջիններուն» կը գրէ Էրմինէն նամակին մէջ, աւելցնելով՝ որ «եթէ վաղը իր երկու դուստրերը մաս պիտի կազմեն աշխարհի բախտաւոր մանուկներուն, այսինքն դպրոց յաճախեն ու սորվին այն բաները որ ես չեմ գիտեր եւ հիմա կը ձգտիմ սորվիլ որպէսզի կարողանամ օր մը Սուրբ Գիրքը կարդալ աղջիկներուս համար, այս կը նշանակէ թէ Դուք 2015 թուականին, միայն Սուրբ Դուռ մը չի բացիք Պանկիի մէջ, որ փակուեցաւ մէկ տարի ետք, այլ կառուցեցիք կամուրջ մը յաւիտենականութեան համար, որուն վրայէն կարող  են անցնիլ կարիքաւորները, ինծի նման, ու նաեւ բարի կամք ունեցող մարդիկը՝ ինչպէս եղան բժիշկները որ խնամք տարին իմ զաւակներուն»։

Էրմինէ հուսկ նամակին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Յիսուս Մանուկ մանկաբուժարանի բժիշկներուն, սկսեալ Բուժարանի նախագահ Մարիելլա Էնօքէն, մինչեւ վերջին հիւանդապահը, որոնք հրաշք մը կատարեցին բաժնելով ծնունդէն ի վեր գանկէն  իրարու միացած իր սիամի երկուորեակները։

«Աղօթքը այն արարքն է որ կարող է երկու ժողովուրդները իրարու միացնել» կը գրէ նամակի աւարտին Էրմինէն։ «Ես Մարիամին պիտի աղօթեմ ձեզի համար Նորին Սրբութիւն, սակայն կարիքը չունիմ փոխադարձը խնդրելու ձեզմէ, որովհետեւ ոչ մէկը ձեզմէ աւելի, որ 2015-ին Կեդրոնական Ափրիկէի մժեղներն ու ըմբոստութիւնը դիմագրաւեց, գիտէ Մարիամէն հայցել այն բաները որոնց կը կարօտի  աշխարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2020, 09:00