Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Լիբանանին եւ կոչը Պիելոռուսիոյ համար։

«Մեր ամարային այս արձակուրդները ուղեկցուած ըլլան բարեսիրութեամբ եւ մօտիկութեամբ այդ ընտանիքներուն նկատմամբ» հրաւէր ուղղեց նաեւ Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

16 օգոստոսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի  հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն նշեց թէ ինք կը շարունակէ աղօթել Լիբանանի համար եւ աշխարհի բոլոր այն ողբերգական իրավիճակներուն համար՝ որոնք մարդոց տառապանք կը յառաջացնեն։

«Մտածումս կ՛երթայ Պիելոռուսիայի։ Ուշադրութեամբ կը հետեւիմ այդ երկրի մէջ յետ ընտրական իրավիճակին եւ կոչ կ՛ուղղեմ երկխօսութեան ու բռնութեան մերժումի, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ իրաւունքի յարգանքին։ Բոլոր Պիելոռուսիայի ժողովուրդը կա յանձնեմ Խաղաղութեան Թագուհի՝ Տիրամօր պաշտպանութեան» ըսաւ Քահանայապետը  եւ ողջոյնի խօսք ուղղեց ուխտաւորներու զանազան խումբերուն, ակնարկելով այս օրերու արձակուրդի շրջանին ու մաղթելով որ անոքն ըլլան մարմնի բայց նաեւ հոգիի կազդուրման շրջան, «առանց սակայն մոռնալու Քովիտի պատճառած հարցերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով աշխատանքի պակասին ու այն ընտանիքներուն որոնք կերակուր անգամ չունին։

«Մեր ամարային այս արձակուրդները ուղեկցուած ըլլան բարեսիրութեամբ եւ մօտիկութեամբ այդ ընտանիքներուն նկատմամբ» հրաւէր ուղղեց նաեւ Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միտ խնդեց  որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2020, 12:40