Որոնել

Սանթա Մարիա Մաճճորէ եկեղեցւոյ տօնին օրը Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Տիրամօր աւագ տաճարը եւ աղօթեց աշխարհի ցաւերուն համար։

Քահանայապետը Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց իր սրտին մօտիկ ցաւալի իրավիճակներ, որոնց շարքին Լիբանանը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Օգոստոս 5-ին կը յիշատակուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը 5 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 4-ին այցելեց եկեղեցին ու այնտեղ սովորութեան համաձայն ամփոփուեցաւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելով իր սրտին մօտիկ ցաւալի իրավիճակները, որոնց շարքին Լիբանանը որ «խորապէս վիրաւորուած է» եւ զոր Քահանայապետը յիշեց առաւօտեան ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ  գրասենեակը նշելով որ Քահանայապետը վերադարձ կատարեց Վատիկան 16.35-ին։

Ինչպէս յայտնի է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ջերմեռանդութիւն ունի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին նկատմամբ։ Ան ամէն մէկ միջազգային ճամբորդութենէն առաջ ու ետք կ՛ուղղուի այդ սրբապատկերի մատուռը, նախ Տիրամօր յանձնելու համար առաքելական ճամբորդութիւնը, ապա ճամբորդութեան աւարտին Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու առաքելութեան յաջողութեան համար։

Անոր այսօրուան այցելութիւնը կը զուգադիպի ինչպէս նշեցինք Եկեղեցւոյ տօնին եւ ձիւնի հրաշքի տարեդարձին։

Աւանդութեան համաձայն  Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կը պարտինք  Լիպերիոս Քահանայապետին որ երազին մէջ տեսաւ Տիրամայրը որ կը հրահանգէ  եկեղեցի մը կառուցել իրեն յայտնած վայրին վրայ։ Օգոստոսի 5-ին, տաք գիշերուան ընթացքին, էսքուիլինօ բլուրին վրայ ձիւն կը տեղայ եւ Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել տալէ ետք տարածքը  կառուեցլ կու տայ  Սրբուհի Մարիամին նուիրուած աւագ տաճարը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար, ուր պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2020, 17:59