Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Սուրբ Սրտի փոքրագոյն Ֆրանչիսկեան քոյրերու» միաբանութեան։

Սուրբ Արտէն մղուած դուք պիտի ըլլաք մայրեր ձեր հանդիպած եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Անոնց ուրախութեամբ պիտի աւետէք թէ Տէրը մեզի կը նայի ողորմածութեամբ ու թէ Անոր սիրտը ողորմած է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

8 օգոստոս 2021-ին պիտի յիշատակուի Երանելի Մարիա Մարկերիթա Քայանիի մահուան հարիւր ամեակը։ Ան որ 1902-ին կեանք տուաւ «Սուրբ Սրտի փոքրագոյն  Ֆրանչիսկեան քոյրերու» միաբանութեան։

2020-ի օգոստոսի 8-ին Նորին Սրբութիւնը յիշելով վերոնշեալ յոբելեանը գրաւոր պատգամ մը ուղղեց միաբանութեան անդամներուն, շնորհաւորելով զանոնք սկիզբ առնող Յոբելենական տարուան հանար եւ յոյս յայտներով՝ որ այս տարին ըլլայ առիթ յիշելու անցեալը, եւ յոյսով լի աչքերով նայելու վաղուան, առանց սակայն ապաստանելու՝ «անցեալի մը մէջ որ այլեւս չկայ ու ապագայի մը մէջ որ տակաւին չկայ, փախչելով այսօրէն՝ որուն մէջ կանչուած ենք ապրիլ եւ գործել» գրեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով միաբանակիցները իրենց շնորհապարգեւը յարմարեցնելու մեր ժամանակներուն,  Սուրբ Հոգւոյն շնորհքովն ու ուժովը շարունակելու համար աշխարհը բուրումնաւէտել իրենց կեանքի պարգեւով։

Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ ապա միաբանութեան անունին վրայ դիտել տալով որ Քոյր Քայանին զանոնք կոչեց «փոքրագոյն» ի յայտ դնելու համար իրենց կեանքին ապրելաոճը, փոքրութեան ոճ, նման Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, աւելի լաւ հետեւելու համար Տիրոջ՝ որ եղաւ առաջինը որ ընտրեց նուաստացումի ճանապարհը՝ նուաստացում մինչեւ մահ խաչին վրայ։

«Այս ճանապարհին պէտք է հետեւիլ ամէն օր։ Նեղ եւ յոգնեցուցիչ արահետ մըն է սակայն եթէ մինչեւ վերջ անոր հետեւիք՝ կեանքը պտղաբեր կը դառնայ։ Այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նաեւ «Սուրբ Սիրտ» եզրին ու հաստատելով թէ այս մէկը զանոնք կ՛արմատացնէ Սիրոյ ակնաղբիւրին մէջ՝  Յիսուսին սէրը, որ հաւատարիմ եւ շօշափելի սէր է,  մօտիկութեան արարքներու սէր, որ կը վերականգնեցնէ ու արժանապատուութիւն եւ վստահութիւն կը պարգեւէ։

«Սիրտ Յիսուսի քոյրեր»  եզրը  կը խօսի պատկանելիութեան մը մասին։ Եւ այս պատկանելիութիւնը կը յայտնուի յատկապէս աղօթքի մէջ։ Բոլոր մեր  կեանքը կանչուած է դառնալու աղօթք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքով։ Եւ ասոր համար պէտք է Տիրոջ թոյլ տանք որ միշտ միացած ըլլայ մեզի, որպէսզի Ան մեզ փոխակերպէ, մեր սիրտը դարձնելով միշտ աւելի հեզ ու խոնարհ, նման իր սրտին» աւելցուց Սրբազան Պապը մատնանշելով օրուան ընթացքին այն աղօթքի, ջերմեռանդութեան եւ ամփոփումի յատուկ պահերուն որոնք կը խթանեն Աստուծոյ հետ միութիւնը։

«Թող որ ձեր դէպի Տիրոջ երթը ըլլայ լի ուրախութեամբ, ուրախութիւնը այն մանուկին որ կը վազէ դէպի իր ծնողքը զանոնք ողջագուրելու համար։ Այդ ուրախութիւնը հրապուրիչ ու վարակիչ է» գրեց ապա Սրբազան Պապը։

«Սուրբ Արտէն մղուած դուք պիտի ըլլաք մայրեր ձեր հանդիպած եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Անոնց ուրախութեամբ պիտի աւետէք թէ Տէրը մեզի կը նայի ողորմածութեամբ ու թէ Անոր սիրտը ողորմած է։

«Մեղքը կ՛աւերէ Աստուծոյ ստեղծած գեղեցիկ գործը։ Դուք ձեր աղօթքներով ու ձեր փոքր արարքներով աշխարհի մէջ կը սերմանէք Աստուծոյ սիրոյ սերմը, որ ամէն բան նոր կը դարձնէ։ Երբ սերմը գետին կ՛իյնայ ձայն չի հաներ, այսպէս են նաեւ գործերը զոր յառաջ կը տանիք Իտալիոյ, Պրազիլի, Եգիպտոսի, Սրի Լանքայի եւ Բեթղեհէմի մէջ, յատկապէսս ի նպաստ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն։ Արարքներ որոնք կարող են աւելի գեղեցիկ դարձնել աշխարհը ու զայն լուսաւորել Աստուծոյ սիրոյ ճառագայթով» գրեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը պատգամի աւարտին ու սուրբ եւ պտղաբեր հարիւրամեակ մաղթեց անոնք, ապահովեցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով աղօթք՝ իրեն համար, ապա շնորհաւորելով առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2020, 12:08