Սուրբ Ռէյմոնտօ Նոննաթօ Սուրբ Ռէյմոնտօ Նոննաթօ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, Արժանթինի «Սուրբ Ռէյմոնտօ Նոննաթօ» Հասարակութեան, պաշտպան սուրբին տօնին առիթով։

Սուրբ Ռէմոնտօ տօնին այս տարուան տօնակատարութիւններուն կարգախօսն է « Սուրբ Ռէյմոնտոյին հետ միասին ողջագուրենք յոյսը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

6 օգոստոս թուակիր ձեռագիր  նամակով մը, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց Արաժանթինի Սան Ռէմօնտօ Նոննաթօ հասարակութեան պատշապան Սուրբին տօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Արաժանթինի Սան Ռէմօնտօ Նոննաթօ հասարակութեան ժողովրդապետ, հայր Ռուպեն Չերաչիինն ուղղած  շնորհաւորական նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ գրած է

«Այդ տօնին օրերուն կը յիշեմ իմ հանդիպումներս ինչպէս նաեւ մայրերու, զոյգերու օրհնութիւնները, որոնք   կը փափաքին զաւակ ունենալ. «ապագայ կեանքի իսկական քայլերգ մը» գրած է ֆրանչիսկոս Պապ ու աւեցուցած «այսօր եւս, ունկնդրութիւններուն ընթացքին, երբ զոյգ մը իմ օրհնութիւնս կը խնդրէ զաւակ ունենալու համար, անոնց կը յորդորեմ աղօթել Սուրբ Ռէյմոնտօ Նոննաթոյին, իսկ  եթէ անոնք Արժանթիցիներն են  կը քաջաքերեմ  այցելել Nonnato di Via Cervantes” Սրբավայրը։»

Նամակի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով յառաջիկայ օգոստոս 31-ին նշուելիք, Պաշտպան սուրբի տօնը, Սուրբ Ռէյմոտոյի հասարակութեան, մաղթեց բարի ու գեղեցիկ տօնակատարութիւն, հակառակ Քովիտ 19-ի  սեղմումներուն։

«Վստահ եմ, որ շնորհքը, խաղաղութիւնը, առողջութիւնն ու բերրիութիւնը առատ պիտի ըլլան։  Գրած է ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորագիրին մէջ։

Յայտնենք, թէ Սուրբ Ռէմոնտօ տօնին այս տարուան տօնակատարութիւններուն կարգախօսն է ,« Սուրբ Ռէյմոնտոյին հետ միասին ողջագուրենք յոյսը։

31 օգոստոսին նշուելիք, տօնին առիթով, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մարիօ Փոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2020, 12:06