Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի նպաստ աշխատանքին եւ մօտիկութիւնը Նիքարակուայի ժողովուրդին։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ «Ասսիզիի ներումը» եւ Աստուծոյ ներումին կեդրոնական տեղ տալու կարեւորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 օգոստոս 2020-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն նախ յիշեց Նիքարակուայի ժողովուրդը ու անոր ապրած տառապանքը ի տես Մանակաույի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ դէմ  գործադրուած ահաբեկչական արարքին որուն բերումով հրկիզուեցաւ Նիքարակուայի հաւատացեալներուն շատ սիրելի Խաչելութիւնը։ «Սիրելի Նիքարակուացիներ ես ձեզի մօտիկ եմ եւ կ՛աղօթեմ ձեզի համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա  յիշեց թէ «երեկուընէ սկսեալ եւ մինչեւ այսօրուայ կէս գիշերը, տեղի կ՛ունենայ «Ասսիզիի ներումը», հոգեւոր  այն պարգեւը, զոր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ընդունեց Աստուծմէ, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ։  

Մեղքերու լիակատար ներում։ 

Այս մէկը կը հայի մեղքերու լիակատար թողութեան, որ կարելի է ընդունիլ մօտենալով Սուրբ Խոստովանանքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներուն ու այցելելով Ֆրանչիսկեան միաբանութեան ժողովրդապետութիւն կամ եկեղեցի մը, արտասանելով Հաւատամքը, Հայր մերը եւ աղօթելով Քահանայապետին ու անոր աղօթքի դիտաւորութիւններուն համար։  Լիակատար ներումը կարելի է սահմանել նաեւ հանգուցեալ անձի մը։ Շատ կարեւոր է կեդրոնական տեղ տալ Աստուծոյ  ներումին, որ մեր մէջ ու մեր շուրջ դրախտ կը յարուցէ։  

Կոչ ի նպաստ աշխատանքին։ 

Քահանայապետը հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ապա ողջոյնի խօսքը ընդլայնեց նաեւ   բոլոր անոնց՝ որոնք ուղիղ եթերով կը հետեւին աղօթքին, բոլորին մաղթելով՝ որ այս օրերուն կարողանան ապրիլ հանգստեան օրեր, բնութեան հետ շփման մէջ, վերակազդուրելու համար նաեւ հոգեկան ոլորտը։  

«Միեւնոյն ատեն կը մաղթեմ որ բոլոր քաղաքական եւ տնտեսական պատասխանատուներու միասնական յանձնառումով զարկ տրուի աշխատանքին. Առանց աշխատագնի ընտանիքները, եւ ընկերութիւնը չեն կարող յառաջ ընթանալ։ Աղօթենք ասոր համար որովհետեւ այս մէկը մեծ հարց պիտի ըլլայ յետ համաճարակին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ ինչպէսս միշտ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2020, 12:15