Պրազիլ հասած շնչառական սարքեր Պրազիլ հասած շնչառական սարքեր 

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը համաճարակէն խոցուած Պրազիլին։

Պրազիլի մէջ Քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը գերազանցեց 3 միլիոն 300 հազարը՝ մինչ զոհերուն թիւը հասաւ 107 հազարի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը շարունակէ իր սէրն ու գուրգուրանք ցուցաբերել Քովիտ 19 համաճարակի ամենէն շատ թիրախ եւ առողջապահական սարքերու կարօտ երկիրներուն բնակչութեան նկատմամբ

Ունկնդրէ լուրը

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն,վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապ  Պրազիլին նուիրեց  շնչառական արուեստական այլ 18 սարքեր, որոնք երկրին մէջ  պիտի  բաշխուին տեղւոյն առաքելական նուիրակի միջոցաւ։

Յայտնենք թէ Պրազիլի մէջ Քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը գերազանցեց 3 միլիոն 300 հազարը՝ մինչ զոհերուն թիւը հասաւ 107 հազարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2020, 10:33