Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչն ու աղօթքը Լիբանանին։

Աղօթենք զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ աղօթենք Լիբանանի համար, որպէսզի բոլոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բաղադրիչներու յանձնառութեամբ, կարողանայ դիմագրաւել այս պահը որ այնքան աղէտալի եւ ցաւալի է եւ միջազգային ընտանիքին օգնութեամբ յաղթահարէ այս ծանր ճգնաժամը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 օգոստոս 2020-ին  առաքելական պալատի մատենադարանէն նախագահած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ յատուկ կոչ մը ուղղեց Լիբանանի համար, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու Լիբանանի մէջ ահաւոր պայթումի զոհերուն համար ու երկրին համար, որպէսզի ան կարողանայ յաղթահարել այս դժուար ճգնաժամը։

Ունկնդրէ լուրը

«Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանին մէջ զօրեղ պայթումներ պատճառեցին տասնեակ մահեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ ու շատ ծանր վնասներ։ Աղօթենք զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ աղօթենք Լիբանանի համար, որպէսզի բոլոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բաղադրիչներու յանձնառութեամբ, կարողանայ դիմագրաւել այս պահը որ այնքան աղէտալի եւ ցաւալի է եւ միջազգային ընտանիքին օգնութեամբ յաղթահարէ այս ծանր ճգնաժամը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2020, 10:18