1598782517450.JPG

«Եթէ մէկը կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ թող իր խաչը առնէ ու ետեւէս գայ»։ Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Խաչը սուրբ նշան է Աստուծոյ Սիրոյն եւ Յիսուսին զոհաբերումին ու չպէտք է վերածուի սնահաւատ առարկայի կամ զարդարանքի գոհարի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 օգոստոս 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւնը մը, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, զոր քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն (Մատթ. Գլ. 16, 21- 27) ուր Յիսուս փոթորիկը հանդարտեցնելէ ետք, իր աշակերտներուն կը խօսի իր չարչարանքներուն մասին յայտնելով թէ ինք պէտք է Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետերէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ։ 

«Յիսուսին խօսքերը հասկնալի չեն թուիր աշակերտներուն համար, որոնք տակաւին անհասուն հաւատք մը ունին, որ կապուած է այս աշխարհի մտայնութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը, մատնանշելով Պետրոսի խօսքերուն՝ որ ձախողութեան եւ խաչի վրայ մարզուան հեռանկարին դիմաց կ՛ըմբոստանայ եւ կ՛ըսէ «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չի պատահիր»։ 

Պետրոսը կը հաւատայ Յիսուսին եւ կ՛ուզէ Անոր հետեւիլ սակայն չընդունիր՝ որ Անոր փառքը անցնի չարչարանքի ճանապարհէն։ Պետրոսին եւ միւս աշակերտներուն համար ու նաեւ մեզի համար խաչը գայթակղութիւն է, մինչ Յիսուս գայթակղութիւն կը նկատէ խաչէն փախուստ տալը, որ կը նշանակէ փախուստ տալ Աստուծոյ կամքէն, առաքելութենէն որ Ան յանձնած է Յիսուսին մեր փրկութեան համար։ Ասոր համար Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, այլ մարդոց բաները»։

«Այս մէկը կը պատահի նաեւ մեզի՝ երբ Յիսուսին կը նայինք յառաջ կ՛ընթանանք արիութեամբ, սակայն երբ խաչը կը յայտնաբերուի կը մերժենք զայն ու այս մէկը սատանային գործն է» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ շարունակեց. Յիսուս ապա իր աշակերտներուն դառնալով կ՛ըսէ. «Եթէ մէկը  կուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը առնէ  եւ ետեւէս գայ։ 

Այս ձեւով Յիսուս ցոյց կու տայ աշակերտի մը իսկական ուղին ու այդ ուղիին երկու վերաբերմունքները. Առաջինը« ուրանալ սեփական անձը» եւ այս չի նշանակեր մակերեսային փոփոխութիւն մը, այլ  իսկական դարձ, արժէքներու հակադարձում։ Երկրորդ վերաբերմունքը խաչը կրելն է։ Այս չի նշանակեր համբերութեամբ հանդուրժել առօրեայի անձկութիւնները այլ հաւատքով կրել նաեւ յոգնութեան ու տառապանքի մասը, զոր կը յառաջանայ չարին դէմ պայքարէն։

Այսպէսով խաչը կրելու յանձնառումը կը դառնայ Քրիստոսի հետ  մասնակցութիւն՝ ի սպաս աշխարհի փրկութեան։ Ասոր մտածելով այնպէս ընենք, որ մեր տուներու պատերուն վրայ ու մեր վիզերէն կախած խաչերը չ՛ըլլան լոկ զարդարանքի նշան, այլ հանդիսանան մեր իղձը միանալու Քրիստոսին ու սիրով ծառայելու մեր աւելիով փոքր եւ դիւրաբեկ եղբայրներուն։

Խաչը սուրբ նշան է Աստուծոյ Սիրոյն եւ Յիսուսին զոհաբերումին ու չպէտք է վերածուի սնահաւատ առարկայի կամ զարդարանքի գոհարի։

«Ամէն անգամ որ մեր հայեացքը կեդրոնացնենք խաչեալ Քրիստոսին վրայ, մտածենք Անոր՝ որ Տիրոջ իսկական ծառայի նման, իր առաքելութիւնը կատարեց իր կեանքը նուիրելով, իր արիւնը դափելով մեր մեղքերու թողութեան համար» թելադրեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով՝ թէ «եթէ կ՛ուզենք ըլլալ անոր աշկերտները կանչուած ենք անոր նմանելու անվերապահ կերպով մեր կեանքը նուիրելով Աստուծոյ եւ մերձաւորի սիրոյն»։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը որ միացած էր իր Որդոյն մինչեւ գողգոթա մեզի օգնէ, որպէսզի ետքայլ չի կատարենք փորձանքներու եւ ցաւերու դիմաց որոնք յառաջ կու գան Աւետարանի վկայութենէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի մտածականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2020, 12:07