Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

«Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» 23 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Սուրբ Կոյս Մարիամը որ երանելի է՝ որովհետեւ հաւատաց, մեզի համար ըլլայ առաջնորդ եւ տիպար՝ Քրիստոսի մէջ հաւատքի ուղեւորութեան մէջ ու մեզ գիտակից դարձնէ թէ Անոր վրայ վստահութիւնը՝ լիարժէք իմաստ կու տայ մեր բարեսիրութեան եւ համայն մեր գոյութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 օգոստոս 2020ի կէսօրին Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը եւ աւանդութեան համաձայն ներկայացուց յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը, մեկնաբանելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանը, ուր Պետրոս միւս աշակերտներուն առջեւ կը դաւանի Քրիստոսին Աստուածութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս կիրակի օրուան աւետարանը (Մատթ. 16, 13-20) կը ներկայացնէ այն պահը երբ Պետրոս կը դաւանի իր հաւատքը Յիսուսին նկատմամբ՝ որպէս Մեսիա եւ Աստուածորդի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով՝ թէ «Առաքեալին այս խոստովանութիւնը գրգռուած է նոյնինքն Յիսուսին կողմէ՝ որ մշտապէս կ՛ուզէ իր աշակերտները մղել դէպի վճռական քայլը»։

Յիսուս նախ հարց կու տայ «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես՝ մարդու Որդին»։ Անոնք կը պատասխանեն  «ոմանք կ՚ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»: Յիսուսին երկրորդ հարցումը կ՛ըլլայ  «Իսկ դո՛ւք ի՞նչ կ՚ըսէք, ո՞վ եմ»: Սիմոն Պետրոս կը պատասխանէ. «Դուն Քրիստո՛սն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին»: 

«Այդքան լեցուն եւ պայծառ այս պատասխանը Պետրոսէն չի բխիր, այլ պտուղն է Երկնային Հօրմէ ընդունած մէկ յատուկ շնորհքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկելով Յիսուսին խօսքերուն «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի ասիկա, հապա իմ Հայրս՝ որ երկինքն է»: 

Միեւնոյն ատեն  Յիսուս ճանչնալով Պետրոսին անմիջական պատասխանը այդ շնորհքի ներշնչումին կ՛աւելցնէ “Դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս, ու դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր»: 

«Սոյն հաստատումով Յիսուս Սիմոնին կը հասկցնէ նոր անունին իմաստը «Պետրոս». Արդարեւ հաւատքը զոր Սիմոն դաւանեցաւ այն անյաղթելի ժայռն է, որուն վրայ Աստուծոյ Որդին կ՛ուզէ իր եկեղեցին կառուցել» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

«Այսօր Յիսուսին «Իսկ դո՛ւք ի՞նչ կ՚ըսէք, ո՞վ եմ» հարցումը ուղղուած է  մեզմէ իւրաքանչիւրիս։ Պատասխանը պէտք չէ միայն  տեսական ըլլայ, այլ պէտք է ըլլայ պատասխան մը, որ կը ներգրաւէ հաւատքը, այսինքն կեանքը. Որովհետեւ հաւատքը կեանք է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով, որ  այս պատասխանը մեզմէ կը պահանջէ, նման առաջին աշակերտներուն, Հօր ձայնին ներքին ունկնդրութիւնը եւ համաձայն ըլլալ այն բաներուն հետ, զոր Եկեղեցին՝ համախմբուած Պետրոսին շուրջ, կը շարունակէ հռչակել»։

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը

«Այս կը նշանակէ հասկնալ  թէ ո՞վ է մեզի համար Քրիստոս, եթէ Ան մեր կեանքի կեդրոնն է ու Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ մեր ամէն մէկ յանձնառումի նպատակակէտը» ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով որպէսզի «հասարակութիւններուն հովուական խնամակալութիւնը բաց ըլլայ բազմաթիւ աղքատութիւններուն եւ արտակարգ իրավիճակներուն» եւ զգուշացնելով՝ որպէսզի  «զօրակցութեան գործերը մեզ  չի շեղեցնեն մեր Տէր Յիսուսին հետ շփումէն»։

«Քրիստոնէական բարեսիրութիւնը լոկ բարեգործութիւն մը չէ, ան մէկ կողմէն միւսին նայիլն է նոյնինքն Յիսուսին աչքերով եւ միւս կողմէն Յիսուսը տեսնելն է աղքատի դիմագիծին մէջ» նշեց Նորին Սրբութիւնը եւ խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ՝ «Ան, որ երանելի է որովհետեւ հաւատաց, մեզի համար ըլլայ առաջնորդ եւ տիպար՝ Քրիստոսի մէջ հաւատքի ուղեւորութեան մէջ ու մեզ գիտակից դարձնէ թէ Անոր վրայ վստահութիւնը՝ լիարժէք իմաստ կու տայ մեր բարեսիրութեան եւ համայն մեր գոյութեան» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2020, 12:08