Որոնել

Տիրամօր Վերափոխումը Տիրամօր Վերափոխումը 

«Տիրամայրը յոյսի նշան» Քահանայապետի Վերափոխման տօնի Մարեմեան Աղօթքը։

Տիրամայրը արդարեւ մեզ ուղղութիւն տուող աստղն է։ Տիեզերական Ժողովը մեզի կը սորվեցնէ՝ որ »Տիրամայրը կը փայլի՝ որպէս յոյսի եւ մխիթարութեան վստահ նշան՝ ուղևորութեան մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 օգոստոս 2020-ին եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Կոյս Աստուածածնայ վերափոխման տօնը, որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ներկայացնելով օրուան սուրբ տօնին նուիրուած խորհրդածութիւնը։

Երբ մարդս ոտքը դրաւ Լուսնի վրայ հնչեց հետեւեալ նախադասութիւնը. «Փոքր քայլ մը մարդուն համար՝ մեծ ոստում մարդկութեան համար»։ Մարդկութիւնը արդարեւ ձեռք բերած էր պատմական հանգրուան։ Այսօր սակայն Մարիամի երկինք վերափոխման օրուան առթիւ կը տօնախմբենք աւելի մեծ ձեռքբերում։ Տիրամայրը ոտք դրաւ երկնքի մէջ, ոչ միայն հոգւով այլ նաեւ մարմնով։ Նազարէթի փոքր կոյսին այս քայլը մեծ ոստում մը եղաւ մարդկութեան համար։ Եւ այս մէկը մեզի մեծ  յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ կը հասկնանք թէ թանկարժէք ենք ու սահմանուած յարութեան։

Տիրամայրը արդարեւ մեզ ուղղութիւն տուող աստղն է։ Տիեզերական Ժողովը մեզի կը սորվեցնէ՝ որ «Տիրամայրը կը փայլի՝ որպէս յոյսի եւ մխիթարութեան վստահ նշան ուղևորութեան մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին համար (Lumen gentium, 68)»։

Այսօր մեր Մայրը Աւետարանին մէջ մեզի կը յիշեցնէ Աստուած ընտրել՝ որպէս կեանքի առաջին մեծութիւն։ Աստուած արդարեւ մեծ է ու կը նայի փոքրիկներուն։

Եւ Մարիամ ինքզինք կը ճանչնայ որպէս փոքր եւ կը վսեմացնէ մեծ բաները զոր Տէրը իրեն ըրաւ։  Առաջինը կեանքի պարգեւը։ Ան որ կոյս էր կը յղանայ։ Տէրը սքանչելիքներ կը գործէ փոքրիկներուն հետ եւ անոնց որոնք իրենք զիրենք մեծ չեն նկատեր ու կեանքին մէջ Աստուծոյ տեղ կու տան, Ան անոնց վրայ կը տարածէ իր ողորմութիւնը ու կը բարձրացնէ խոնարհները եւ Մարիամ ասոր համար կը փառաբանէ ԶԱստուած։

Մենք ալ մեզի հարց տալու ենք. կը յիշե՞նք Աստուած փառաբանել։ Անոր շնորհակալութիւն կը յայտնե՞նք մեզի համար կատարած մեծ բարիքներուն համար, մեզի շնորհած ամէն մէկ օրուայ համար, մեզ սիրելուն ու մեզի ներում շնորհելուն համար, ապա մեզի Մայր մը պարգեւած ըլլալուն համար ու այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնց կը հանդիպինք մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Երբ մենք մոռնանք բարիքը՝ մեր սիրտը կը փոքրանայ բայց եթէ Մարիամի նման յիշենք Տիրոջ մեծամեծ բաները եւ օրուան ընթացքին առ նուազն մէկ անգամ զայն մեծարենք, ուրեմն մեծ քայլ մը կը կատարենք դէպի յառաջ։ Մեր սիրտը կը մեծնայ ու մեր ուրախութիւնը կ՛աճի։

Խնդրենք Սուրբ Կոյսէն՝ Երկնքի դուռ, շնորհքը ամէն մէկ օրը սկսելու մեր հայեացքը ուղղելով դէպի երկինք դէպի Աստուած՝ որպէսզի Անոր ըսենք «շնորհակալ եմ»։ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2020, 12:18