Որոնել

«Իսկական կարեկցութիւնը կը նշանակէ մեր վրայ առնել ուրիշին ցաւերը» Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ քալելու ճանապարհին վրայ զոր Տէրը մեզի ցոյց կու տայ այսօրուայ աւետարանին մէջ։ Ան եղբայրութեան ուղին է որ անհրաժեշտ է դիմագրաւելու համար աղքատութիւնը եւ այս աշխարհին տառապանքը ու մեզ կը ցոլացնէ աշխարհէն անդին որովհետեւ այդ ուղեւորութիւնը սկիզբ առած է Աստուծմէ եւ Աստուծոյ կը վերադառնայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 օգոստոս 2020-ին կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ, հայող հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքին։  

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այս կիրակի Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ «հացերու բազմացումի» հրաշքը (Մատթ. 14, 13-21)։ Դրուագը կը պատահի ամայի վայրի մը մէջ ուր Յիսուս քաշուած էր աշակերտներուն հետ միասին։ Ամբոխը սակայն հոն կը ժամանէ ունկնդրելու համար Յիսուսը եւ բուժում ընդունելու անկէ, որովհետեւ Անոր խօսքերն ու արարքները ապաքինում եւ յոյս կը պարգեւէին։ Արեւամուտին ամբոխը տակաւին այնտեղ էր եւ աշակերտները Յիսուսէն կը խնդրեն որ արձակէ զանոնք, որպէսզի երթան եւ մօտակայ գիւղերէն կերակուր հայթայթեն։ Յիսուս կը պատասխանէ «Դուք տուէք անոնց ուտելիք»։  Այս պատասխանով Յիսուս  կ՛ուզէ փոխել աշակերտներուն  վարուելակերպը, Ան լաւապէս գիտէ թէ ինչ պէտք է ընել. Չըսել՝ «թող իրենք իրենց հոգան», այլ «ինչ կը նուիրէ մեզի նախախնամութիւնը բաժնեկցելու համար ուրիշներուն հետ»։ Այս իրադարձութեամբ Յիսուս կ՛ուզէ իր երեկուայ, այսօրուայ եւ վաղուայ բարեկամները կրթել Աստուծոյ տրամաբանութեամբ՝ ուրիշներուն հոգ  տանելու տրամաբանութիւնը»։

Եւ երբ տասներկուէն մէկը Յիսուսին կ՛ըսէ թէ ունինք միայն հինգ հաց եւ երկու ձուկ։ Ան կը հրահանգէ որ իրեն բերեն զանոնք։ Ապա աչքերը բարձրացնելով դէպի երկինք կ՛օրհնէ,  կը բեկանէ եւ կու տայ աշակերտներուն, որպէսզի բաժնեն։ Այդ հացերով ու ձուկերով հազարաւոր մարդիկ կ՛ուտեն եւ կը կշտանան։

Յիսուս իր այս արարքով կը յայտնէ իր զօրութիւնը, ոչ թէ դիտարժան ձեւով, այլ որպէս սիրոյ նշան, Աստուծոյ առատաձեռնութիւնը հանդէպ իր յոգնած եւ կարիքաւոր զաւակներուն։

Յիսուս արդարեւ մխրճուած է իր ժողովուրդի կեանքին մէջ, կը հասկնայ անոր սահմանափակումներն ու յոգնութիւնները, սակայն չի թողուր որ ոչ մէկը կորսուի ու զանոնք կը կերկարէ իր Խօսքով եւ առատ կերակուրով։

Աւետարանական այս պատմուածքին մէջ յստակ է յղումը Սուրբ Հաղորդութեան, յատկապէս այնտեղ ուր կը նկարագրէ օրհնութիւնը.  հացին բեկանում, աշակերտներուն յանձնելը ու մարդոց բաժնելը։  

Զօրեղ կապ մը կայ ընդմէջ հաղորդութեան հացին՝ յաւիտենական կեանքի սնունդը եւ առօրեայի հացին, որ անհրաժեշտ է երկրային կեանքին համար։ Ինքզինք որպէս փրկութեան հաց նուիրելէ առաջ, Յիսուս կը հոգայ նաեւ անոնց, որոնք իրեն  հետեւելու համար մոռցան իրենց հետ կերակուր տանիլ։  

Գթութիւնը, քնքշութիւնը զոր Յիսուս  ցուցաբերեց ամբոխին գերզգայնութիւն  չէ, այլ սիրոյ շօշափելի յայտնութիւնն է, որ հոգ կը տանի մարդոց կարիքներուն։  Կարեկցութիւն՝ այս բառը յաճախաբար կը կրկնուի Աւետարանին մէջ երբ Յիսուս հարցի դիմաց կը գտնուի...«Գութը շարժեցաւ»։

«Կարեկցութիւնը զուտ նիւթական զգացողութիւն մը չէ, իսկական կարեկցութիւնը  կը նշանակէ մեր վրայ առնել ուրիշին ցաւերը եւ լաւ պիտի ըլլայ այսօր մենք մեզի հարց տանք եթէ մենք կարեկցութիւն կը ցուցաբերենք թէ չէ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց «Մենք կանչուած ենք մօտենալու Սուրբ Հաղորդութեան սեղանին, Յիսուսին այն նոյն վարուելակերպով. կարեկցութիւն  ուրիշներուն նկատմամբ, Աստուծոյ նախախնամական սիրոյ վրայ վստահութիւն եւ վեհանձն  բաժնեկցութիւն»։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ քալելու ճանապարհին վրայ զոր Տէրը մեզի ցոյց կու տայ այսօրուայ աւետարանին մէջ։ Ան եղբայրութեան ուղին է որ անհրաժեշտ է դիմագրաւելու համար աղքատութիւնը եւ այս աշխարհին տառապանքը ու մեզ կը ցոլացնէ աշխարհէն անդին որովհետեւ այդ ուղեւորութիւնը սկիզբ առած է Աստուծմէ եւ Աստուծոյ կը վերադառնայ։  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2020, 12:09