Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը Նիճերիայի եւ Նեղոս գէտի հարցին ի սպաս։

Սրբազան Պապը բարի վերափոխման տօն մաղթեց բոլորին նշելով նաեւ թէ բարի սովորութիւն է այս օրուան առթիւ Տիրամօր սրբավայր մը այցելելը ու խնդրեց՝ որ չի մոռնան աղօթելու նաեւ իրեն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 օգոստոս 2020-ին ըստ Լատինաց Սուրբ Կոյս Մարիամի երկինք վերափոխման տօնին օրը  արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը  խօսքը ուղղելով  հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն վերահաստատեց՝ թէ «Տիրամայրը յոյսին Մայրն է» ու հրաւիրեց հայցել անոր բարեխօսութիւնը աշխարհի բոլոր այն իրավիճակներուն համար, որոնք ծարաւը ունին յոյսի՝ «յոյս խաղաղութեան, արդարութեան եւ արժանավայել կեանքի» յարեց Սրբազան Պապը յատուկ աղօթք խնդրելով Նիճերիայի հիւսիսային տարածաշրջանին համար որ թիրախ է բռնութիւններուն եւ ահաբեկչական յարձակումներուն։

Քահանայապետը հուսկ նշեց՝ թէ յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի «Եգիպտոսի, Եթովպիայի եւ Սուտանի միջեւ Նեղոս գէտի շուրջ բանակցութիւններու դժուար իրավիճակին» այս առընչութեամբ  կողմերը հրաւիրելով  «շարունակել երկխօսութեան ճամբան, որպէսզի «Յաւիտենական Գէտը» շարունակէ ըլլալ կեանքի շառաւիղ՝ որ կը միացնէ եւ երբեք չի բաժներ որ միշտ կը սնուցէ բարեկամութիւն, բարեկեցութիւն, եղբայրութիւն և երբեք թշնամութիւն, թիւրիմացութիւն կամ հակամարտութիւն:

«Թող որ երկխօսութիւնը սիրելի Եգիպտոսի, Եթովպիայի եւ Սուտանի եղբայրներ, երկխօսութիւնը ըլլայ ձեր մինակ ընտրանքը՝ ի նպաստ ձեր սիրելի ժողովուրդներուն եւ համայն աշխարհին» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ բարի վերափոխման տօն յայտնեց բոլորին նշելով նաեւ թէ բարի սովորութիւն է այս օրուան առթիւ Տիրամօր սրբավայր մը այցելելը ու խնդրեց՝ որ չի մոռնան աղօթելու նաեւ իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2020, 12:17