Քահանայապետին 27 Մարտ 2020-ի աղօթքը Քահանայապետին 27 Մարտ 2020-ի աղօթքը 

Համաճարակ։ Քահանայապետը. «Թոյլ տանք վարակուիլ ոչ թէ վիրուսէն այլ սերէն»։

Մեր կեանքին արմատները Քրիստոսի մէջ են. Այնտեղէն է որ կը բխի ուժը՝ դիմագրաւելու համար հարցերը զոր մեզ կը սպասեն տագնապէն ետքը, այնտեղ կայ տիպարը՝ որ մօտիկութեան, սիրոյ եւ ծառայութեան տիպարն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին մտածումը Քովիտ19-ի մասին ներփակուած է այս անգամ «Հաղորդութիւն եւ Յոյս» հատորի նախաբանին մէջ, զոր հրապարակուեցաւ Վատիկանի Հրատարակչատան կողմէ, որուն հեղինակներ են Կարդինալ Վալթէր Քասբերը եւ գերմանացի Քահանայ՝ Ժորժ Աուկուսթինը։  

Աստուածաբանական խորհրդածութիւններով հարուստ հատոր մը, որոնք կարող են ներշնչել «նոր յոյս եւ նոր զօրակցութիւն», հիմնուած,  այնպէս ինչպէս պատահեցաւ համաճարակի տարածման առաջին օրերուն եւ կը պատահի նաեւ այսօր, Տիրոջ ներկայութեան վստահութեան վրայ, որ մեզի կ՛ընկերանայ ու մեզի կը հաւաստիացնէ մահուան վրայ իր յաղթանակը։  

Այս մաղթանքով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը ստորագրէ վերոնշեալ հատորին նախաբանը, ուր նաեւ վերադառնալով՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  27 մարտին կայացած հանդիսաւոր աղօթքին, կը վերյիշէ թէ «քորոնաժահրը փոթորիկի նման մեզ բոլորս անակնկալի առջեւ դրաւ, փոխելով ընտանեկան կեանքը, աշխատանքը, հանրային գործունէութիւնը եւ իր ետին թողելով մահ, տնտեսական խնդրայարոյց հարցեր, Սուրբ Հաղորդութենէն եւ Եկեղեցական Խորհուրդներէն հեռաւորութիւն։  

Ողբերգական այս իրավիճակը, դիմակազերծեց մարդուն «տկարութիւնը», հարցի տակ դնելով շատ մը համոզումներ, որոնք մեր կեանքի հիմքն են ու մեզ դրաւ հիմնական հարցադրանքներու առջեւ հայող երջանկութեան ու նաեւ մեր քրիստոնեայ հաւատքի գանձին։

«Ո՞րոնք են այն խոր արմատները, որոնք մեզի թիկունք կը կանգնին փոթորիկի ընթացքին։ Ի՞նչն է իսկապէս կարեւորն ու հարկաւորը։ Համաճարակը ազդանշան մըն է՝ որ մեզ կը մղէ խորհրդածելու։ Ան փորձանքի եւ ընտրանքի պահ է, որպէսզի կարողանանք նորոգուած կերպով կողմնորոշել մեր կեանքը դէպի Աստուած, որ մեր թիկունքը ու մեր նպատակն է», կը գրէ Սրբազան Պապը նախաբանին մէջ, ապա դարձեալ լուսարձակի տակ կը դնէ «զօրակցութիւնը» եւ «ծառայութիւնը», ի դէմ համընդհանուր անարդարութեան եւ անտարբերութեան։  

«Տագնապը արդարեւ մեզի հասկցնել տուաւ՝ թէ մենք կախեալ ենք միւսներուն զօրակցութենէն։ Ան մեզ կը մղէ ծառայելու նոր սլացքով՝ անոր որ մեր մօտ կը գտնուի։ Տագնապը մեզ պէտք է ցնցէ ու զարթնեցնէ, որպէսզի անսանք աղքատներուն ձայնին ու մեր մոլորակի ձայնին, որ ծանրապէսս հիւանդ է» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը  

Դիտել տալով որ համաճարակի սկիզբը զուգադիպեցաւ Սուրբ Զատկուայ շրջանին, որ է՝ «Կեանքին յաղթանակը մահուան վրայ» Քահանայապետը կը հաստատէ թէ «Սուրբ Զատիկը մեզի կու տայ յոյս, վստահութիւն, եւ քաջութիւն ու մեզ կ՛ամրապնդէ  զօրակցութեան եւ եղբայրութեան  մէջ»։

«Վիրուսէ մը վարակումի վտանգը մեզի պէտք սորվեցնէ այլ տեսակ վարակում մը՝ սիրոյ վարակումը, որ կը փոխանցուի սրտէ սիրտ» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով դարձեալ առողջապահական գործիչներու հերոսական նուիրումին եւ յանձնառումին համար, մինչ նախաբանին վերջին հատուածը կը յատկացնէ  հաւատքին՝ հաւատալ Քրիստոսին։  

Քահանայապետը կը յիշէ սուրբ հաղորդութենէ ծոմապահութիւնը, զոր բազմաթիւ քրիստոնեաներ ապրեցան համաճարակի օրերուն, տրուած ըլլալով որ դադրած էր սուրբ պատարագներու մասնակցութիւնը, այս ուղղութեամբ ընդգծելով՝ որ «ոչ մէկ «վիրթուալ» հեռարձակում կարող է փոխարինել Տիրոջ իսկական ներկայութիւնը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2020, 15:00