«Երախտագիտութիւնը քրիստոնեայի  կրծքանշան է» «Երախտագիտութիւնը քրիստոնեայի կրծքանշան է» 

«Երախտագիտութիւնը քրիստոնեայի կրծքանշան է» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Երախտագիտութիւնը, շնորհապարտութիւնը, նախ եւ առաջ բարի կրթութեան նշան է, ու նաեւ քրիստոնեայի կրծքանշան։ Ան Աստուծոյ թագաւորութեան, պարզ բայց հարազատ նշան է։

Վատիկան Նիուզ

«Երբ մէկը մեզի ծառայութիւն մը մատուցէ պէտք չէ մտածենք թէ այդ մէկը պարտադիր է։ Երախտագիտութիւնը,  շնորհապարտութիւնը,  նախ եւ  առաջ բարի կրթութեան նշան է, ու նաեւ քրիստոնեայի  կրծքանշան։ Ան Աստուծոյ թագաւորութեան, պարզ բայց հարազատ նշան է» Ֆրանչիսկոս Պապին 27 Յուլիսին հրապարակած թուիթին պարունակութիւնն է սա զոր քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ 28 Յունիս 2020-ին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութենէն որ կեդրոնացած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած այն հատուածէն ուր Յիսուս զօրեղ կերպով կը հնչեցնէ հրաւէրը լիութեամբ  եւ առանց տատամսումներու ապրելու Տիրոջ մեր նուիրումը։ Յիսուս իր աշակերտներէն կը խնդրէ լուրջի առնել աւետարանական պահանջները, նոյնիսկ երբ այդ մէկը զոհողութիւն կը պահանջէ։ 

Աւետարանին մէջ արդարեւ կը կարդանք.

«Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ արժանի չէ ինծի, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ արժանի չէ ինծի:  Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի:  Ա՛ն որ կը գտնէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ իր անձը կը կորսնցնէ ինծի համար՝ պիտի գտնէ զայն:Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ կ՚ընդունի Ան որ զիս ղրկեց:  Ա՛ն որ մարգարէ մը կ՚ընդունի՝ մարգարէի անունով, մարգարէի վարձատրութիւն պիտի ստանայ. ու ա՛ն որ արդար մը կ՚ընդունի՝ արդարի անունով, արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ:  Եւ ո՛վ որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ աշակերտի անունով, ճշմա՛րտապէս կ՛ըսեմ ձեզի, բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2020, 13:30