Քարմելի Տիրամայր Քարմելի Տիրամայր 

Ֆրանչիսկոս Պապին 16 Յուլիսի Թուիթը՝ «Քարմելի Տիրամայր օգնէ մեզի որպէսզի անմեղ ձեռքեր եւ բիւրեղ սիրտ ունենանք։

16 Յուլիսին հրապարակած թուիթը, Քարմելի Տիրամօր ծիսական տօնին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«#MadonnadelCarmelo, Քարմելի Տիրամայր, մեր մայրը, օգնէ մեզի որպէսզի ունենանք անմեղ ձեռքեր եւ բիւրեղ սիրտ մը, սուտեր չի խօսինք եւ ուրիշները չի վնասենք։ Այսպէսով պիտի կարենանք բարձրանալ Տիրոջ լերան վրայ եւ ընդունիլ Անոր օրհնութիւնը, Անոր արդարութիւնը, Անոր փրկութիւնը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 16 Յուլիսին հրապարակած թուիթը, Քարմելի Տիրամօր ծիսական տօնին առիթով։

Քարմելը այն լեռն է ուր՝ ըստ աւանդութեան, Իսրայէլի առաջին մարգարէն՝ Եղիան բնակութիւն հաստատած է ու այնտեղ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Տիրամօր գալուստը որ  փոքրիկ ամպի նման կը բարձրանար դէպի լեր իր հետ բերելով անձրեւը եւ Իսրայէլը ազատելով երաշտէն։ Այս պատկերին մէջ բոլոր քրիստոնեայ հայրերը կը տեսնեն Սուրբ Կոյսը իր արգանդին մէջ շալկելով աստուածային Բանը, աշխարհին պարգեւեց կեանք եւ  պտղաբերութիւն։

Քարմել լերան վրայ  «Քարմել լերան Սուրբ Կոյս Մարիամի եղբայրներ» անունով խումբ մը մենակեացներ կառուցեցին փոքրիկ մատուռ մը նուիրուած Քարմելի Սուրբ Կոյս Մարիամին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2020, 13:30