Հաւատքը պէտք է փոխանցուի, պէտք է նուիրուի. Հաւատքը պէտք է փոխանցուի, պէտք է նուիրուի. 

«Հաւատքը պէտք է փոխանցուի, պէտք է նուիրուի. Յատկապէս վկայութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Աղօթենք Տիրոջ՝ որպէսզի մեզ օգնէ մեր հաւատքը ապրելու այսպէս. Հաւատք մը բաց դռներով, թափանցիկ հաւատք մը»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Հաւատքը միսիոներական է կամ հաւատք չէ։ Հաւատքը քեզ կը մղէ դուրս ելլելու դուն քեզմէ։ Հաւատքը պէտք է փոխանցուի։ Ոչ թէ համոզելու համար՝ այլ գանձ մը նուիրելու համար։ Աղօթենք Տիրոջ՝ որպէսզի մեզ օգնէ մեր հաւատքը ապրելու այսպէս. Հաւատք մը բաց դռներով, թափանցիկ հաւատք մը»։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 9 Յուլիսին թուիթը որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ 25 Ապրիլ 2020-ին առաւօտեան  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի քարոզէն, ուր ան շեշտած էր թէ «Հաւատքը պէտք է փոխանցուի, պէտք է նուիրուի, յատկապէս վկայութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2020, 13:30