Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի տօնը՝ հիմնադիրը  Յիսուսեան միաբանութեան։ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի տօնը՝ հիմնադիրը Յիսուսեան միաբանութեան։ 

«Սուրբ Իգնատիոս մեզի կը սորվեցնէ խոնարհութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի տօնը՝ հիմնադիրը Յիսուսեան միաբանութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յուլիսի 31ին, Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ  Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի տօնը։ Ան եղած է հիմնադիրը  Յիսուսեան միաբանութեան որուն մաս կը կազմէ նաեւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, որ առաջին Յիսուսեան Քահանայապետն է։

Սուրբ Իգնատիոս ծնած է Պասքերու Ազփէիթայի Լոյոլա ամրոցին մէջ 1491ին եւ մահացած է Հռոմ՝ 1556ին։ Իբր կրտսեր որդի, ան նախասահմանուած էր քահանայութեան, սակայն անոր ձգտումն էր ըլլալ ասպետ։ Կ՛ուղարկուի Քասթիլիա, եւ կը կազմաւորուի Ֆերտինանտ Կաթողիկէ թագաւորի ապարանքին մէջ։ 1520ին կը վիրաւորուի ճակատամարտի մը ընթացքին, եւ կը ստիպուի կազդուրման մէջ մնալ երկար ժամանակ, որուն ընթացքին, ակամայ կերպով կը սկսի կարդալ կրօնական գրութիւններ, որոնք զինք կ՛առաջնորդեն ճանչնալու զԱստուած։ Այդ ժամանակաշրջանը կը փոխակերպէ անոր կեանքը։ Կը հիմնէ Յիսուսեան Միաբանութիւնը, որ կը վաւերացուի Պօղոս Գ. Քահանայապետի կողմէ 1538 թուականին։ Հնազանդելով Սրբազան Պապին, Իգնատիոս կը մնայ Հռոմ, համակարգելու համար միաբանութեան գործունէութիւնը եւ հոգ տանելու աղքատներուն, որբերուն եւ հիւանդներուն, որուն պատճառով անոր կը տրուի «Հռոմի առաքեալ» տիտղոսը։ Անոր աճիւնները պահուած են Հռոմի Ճեզու եկեղեցւոյ մէջ։

Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ  նշեց թէ «Սուրբ Իգնատիոսը մեզի կը սորվեցնէ հեզութիւնը, որ մեզ գիտակից կը դարձնէ թէ մենք չենք՝ այլ Տիրոջ մեր մէջ գործող շնորհքն է Աստուծոյ Արքայութիւնը կառուցողը։

«Սուրբ  Իգնատիոս մեզի կը սորվեցնէ խոնարհութիւնը.խոնարհութիւն՝ որ մեզ գիտակից կը դարձնէ թէ մենք չենք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառուցողները, այլ մշտապէս Տիրոջ շնորհքն է որ կը գործէ մեր մէջ, փխրուն կաւէ ամաններ, որոնք կը պարունակեն  անսահման գանձ մը, զոր կը կրենք եւ կը հաղորդենք» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2020, 13:30