Սանթիակօ Տի Քամփոսթելլայի ուխտի երթի ժամանակ Սանթիակօ Տի Քամփոսթելլայի ուխտի երթի ժամանակ  

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը  Սանթիակօ Տի Քամփոսթելլայի ուխտի երթը կատարած հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդին

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդին տուած քաջ վկայութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յուլիս 23-ին, ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերանքի եւ շնորհակալական նամակ մը յղեց հաշմանդամութիւն ունեցող , 15 ամեայ Ալվարօ Քալէնթէ անուամբ երիտասարդի մը, որ Սանթիակոյի ուխտի երթը ամբողջացուցած է,  ընկերակցութեամբ իր հօր եւ բարեկամի մը։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդին տուած քաջարի վկայութեան համար։

«Սիրելի Ալվարօ նամակ մը ստացայ քու հօրդ կողմէ, որուն մէջ զիս տեղեակ պահեց, որ ամբողջացուցած ես Սանթիակոյի ուխտի երթը, պայուսակիդ մէջ կրելով ոչ միայն քու աղօթքի դիտաւորութիւնները այեւ քու բարեկամներուդ աղօթքները։ Շնորհակալ ենք,  որ մեզ քաջալերեցիր՝ քալերու  եւ ուրիշներուն հետ միասնաբար քալելուդ համար։

Համաճարակի մեր ապրած դժուար օրերուն, անկեղծութեանդ եւ համեստ ուրախութեանդ միջոցաւ կարողացար յոյս ներշնչել քեզի ընկերացող շատ մը անձերուն՝ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ

Ուխտագնացութեան գացիր եւ քու հետդ տարիր շատ մը անձեր, զանոնք քաջալերելով չվախենալու եւ ուրախութիւնը վերագտնելու, որովհետեւ երկար ուղեւորութեան ընթացքին երբեք մինակ չենք։ Տէրը միշտ մեր կողքին կը քալէ։

Շնորհակալ եմ տուած վկայութեանդ ու աղօթքներուդ համար։ Գրած է ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ, Ան ապա առաքելական օրհնութիւնը տալով երիտասարդին, հայցած է Քարմելօ Տիրամօր բարեխօսութիւնը միաժամանակ   խնդրելով, որ երիտարդ Քարմելոն չմոռնայ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2020, 15:43