Քահանայապետը Գերապայծառ Կուճերոթթին նշանակեց Մեծն Պրիթանիայի մօտ առաքելական նուիրակ։
Վատիկան Նիուզ
Շաբաթ 4 Յուլիս 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր անուանումներու շարքին Մեծն Պրիթանիոյ մօտ որպէս առաքելական նուիրակ նշանակեց՝ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, որ 2015-էն ի վեր կը վարէր Ուկրանիայի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակի պաշտօնը։
Գերապայծառ Կուճերոթթի ծնած է Իտալիոյ Վերոոնա քաղաք՝ 7 հոկտեմբեր 1955-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած 29 Մայիս 1982-ին ։ Ան երկար տարիներ ծառայած է Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ներքոյ, ուր 1997-ին դարձած է Ժողովի ենթաքարտուղար։
2001-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը զինք նշանակած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտ առաքելական նուիրակ եւ 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ-ի օրով դարձած է Պիելոռուսիայի մօտ առաքելական նուիրակ։ Ան կը խօսի տարբեր լեզուներ որոնց շարքին նաեւ Հայերէնը՝ եւ հմուտ է գրաբարի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ