Մարդավաճառութիւնը կը շարունակէ վէրք հանդիսանալ ժամանակակից մարդկութեան մարմնին մէջ Մարդավաճառութիւնը կը շարունակէ վէրք հանդիսանալ ժամանակակից մարդկութեան մարմնին մէջ 

«Մարդավաճառութիւնը կը շարունակէ վէրք հանդիսանալ ժամանակակից մարդկութեան մարմնին մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը կոչ ուղղեց աւելին ընել, արմատախիլ ընելու համար այս ախտը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

30 Յուլիսը Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրն է՝ հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ 2013-ին։ 

Մարմնավաճառութիւնը արդարեւ ոճիր մըն է՝ որ մարդիկ, կիներ, ու մանուկներ թիրախ կը դարձնէ չարաշահումներու տարբեր ձեւերու, որոնց շարքին սեռային չարաշահումը եւ  հարկադիր աշխատանքը։

Վերջին տուեալներու համաձայն կը նախատեսուի թէ աշխարհի մէջ 40 միլիոն անհատ զոհ է մարդավաճառութեան։ ՄԱԿ-ի մարդավաճառութեան հայող տեղեկագիրի համաձայն՝ մարդավաճառութեան գոհերուն մէկ երրորդը կազմուած է անչափահասներէ մինչ  անոնց 71 առ հարիւրը կազմուած է կիներէ եւ անչափահաս աղջիկներէ։

Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ թէ աշխարհի մէջ կան աւելի քան 21 միլիոն մարդիկ, որոնք զոհ են հարկադիր աշխատանքին ու սեռային չարաշահումներուն։ ։

Մարդավաճառութեան համաշխարհային այս օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը՝ որուն մէջ ընդգծեց՝ թէ այս «ոճիրը կ շարունակէ վէրք հանդիսանալ մարդկային մարմնին մէջ» ապա կոչ ուղղեց ընել աւելին, արմատախիլ ընելու համար այս ախտը։  

«Մարդավաճառութիւնը կը շարունակէ վէրք հանդիսանալ ժամանակակից մարդկութեան մարմնին մէջ։ Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց՝ որոնք կը գործեն՝ այս մարդ էակի վաճառականութեան անմեղ զոհերուն ի սպաս։ Տակաւին շատ բան կայ ընելիք։ #EndHumanTrafficking» գրեց Սրբազան Պապը։ 

Աւելի ուշ (Ժամը 13.30ին) եւ այս անգամ Բարեկամութեան միջազգային օրուան առիթով, Սրբազան Պապը հրապարակեց հետեւեալ թուիթը։

«Բարեկամութիւնը կեանքի նուէր է եւ Աստուծոյ պարգեւ։ Հաւատարիմ բարեկամները որ մեզի մօտ են դժուար պահերու ընթացքին ցոլացումն են Տիրոջ սիրոյն, անոր մխիթարութեան ու անոր սիրալիր ներկայութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2020, 11:30