Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը Վատիկանի ամառնային կեդրոնի երախաներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը Վատիկանի ամառնային կեդրոնի երախաներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը Վատիկանի ամառնային կեդրոնի երախաներուն։

«Նոր բարեկամութիւններ մշակեցէք» եղաւ Սրբազան Պապին պատանիներուն ուղղած յորդորը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«20 Յուլիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց անակնկալ այցելութիւն տալ Վատիկանի աշխատակիցներու մանուկներուն յատկացուած ամառնային կեդրոնին, հանդիպում ունենալով մանուկներուն  հետ, երբ Պօղոս Զ անուան դահլիճի նախասրահին մէջ նախաճաշ կը կատարէին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունին, աւելցնելով՝ որ Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք երախաները այցելեց նաեւ անոնց յատկացուած խաղավայրերը,  ապա ժամը 10-ին վերադարձ կատարեց Սանթա Մարթա մէկիկ մէկիկ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք պատանիներով զբաղող կամաւորներուն։

Պատանիներուն ու մանուկներուն հետ զրուցելու պահուն Սրբազան Պապը քաջալերեց զանոնք նոր բարեկամութիւններ մշակելու։ «Մարդիկը որոնք միայնակ կը զուարճանան անձնասէր են, ուրախանալու եւ զուարճանալու համար պէտք է ըլլալ միասին, բարեկամներու հետ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ամառնային կեդրոնը ծնունդ առաւ Վատիկանի Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ օգնելու համար Վատիկանի մէջ աշխատող ծնողները Յուլիս ամսուայ  ընթացքին իրենց զաւակներու հոգատարութեան մէջ։  Քովիտ 19 ժահրի հայող բոլոր նախազգուշացումները յարգելով կեդրոնը կը հիւրընկալէ 100 չափ պատանիներ, որոնք օրուան ընթացքին հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու մարզական տարբեր խաղերու ինչպէս նաեւ այցելելու Վատիկանի Պարտէզները

«Մանուկները մեծ հիացումով ու զարմանքով ընկալեցին Նորին Սրբութիւնը ու լռութեամբ հետեւեցան այցելութեան հանգրուաններուն, Քահանայապետին մէջ նկատելով «Ընտանութեան, պարզութեան ու հայրական զգացումը», որոնցմով ուզեց կիսել այս պահը» ըսաւ այս առթիւ ամառնային Կեդրոնի համադրող ու ձեռնարկող Հայր Ֆրանքօ  Ֆոնթանա որ է նաեւ Վատիկանի Ոստիկանութեան եւ Վատիկանի Թանգարաններու մատրանապետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2020, 07:20