Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը, Լամփետուզա կղզի այցելութեան 7-րդ տարեդարձին առիթով։

Տիրոջ դիմագիծը որոնելու իղձէն մեկնած, մենք եւս կրնանք Տէրը ճանչնալ ՝աղքատներուն, հիւանդներուն, լքուածներուն դիմագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ օտարականներուն մէջ, որ Աստուած կը դնէ մեր կեանքի ուղեւորութեան ներքոյ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լամփետուզա կղզի այցելութեան 7-տարեդարձին առթիւ, երեքշաբթի, 8 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատուեց եւ քարոզեց Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւն ըսաւ, որ այսօրուան սաղմոսը մեզ կը հրաւիրէ մշտապէս որոնելու Աստուծոյ դիմագիծը, եւ այդ որոնումը հաւատացեալի մը կեանքին հիմնական կեցուածքը կը կազմէ  ու  երաշխիքն է  այս աշխարհի մէջ ճամբորդութեան յաջողութեան, որ ելք մըն է դէպի խոստացուած երկիր, երկնային հայրենիք։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը, ԱՆ ապա նկատել տուաւ, որ  Իսրայէլի ժողովուրդը՝ նկարագրուած Յեսուա մարգարէին կողմէ,  այն ժամանակ մոլորուած ժողովուրդ մըն էր, որ կորսնցուցած էր խոստացուած երկիրի տեսիլքը եւ կը թափառէր անձկութեան անապատի մէջ։

«Բարգաւաճումը եւ արատ հարստութիւնը, Իսրայէլացիին սիրտը Տիրոջմէ հեռացուց եւ զայն լիացուց անարդարութեամբ ու կեղծիքով ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով «դա մեղք մըն է, որ մենք եւս քրիստոնեաներս, այսօր՝ անձեռնմխելի չենք։  Բարօրութեան մշակոյթը  մեզ կ՝առաջնորդէ մտածելու մեր անձին մասին, մեզ զգայազուրկ կ՝ընէ  ուրիշներու աղերսին նկատամբ ու  ապրիլ կու տայ օճառի փրփուրի մէջ,  որ գեղեցիկ է,  սակայն ոչնչութիւն  է, անօգուտ , ժամանակաւոր պատրանքներ են, որոնք մեզ կ՝առաջնորդեն անտարբեր գտնուելու ուրիշներու նկատմամբ։» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ մատանշելով , որ Յեսուայ մարգարէի կոչը՝ մեզի կը հասնի, իբրեւ ապաշխարութեան հրաւէր ,  մերաչքերը դէպի Տիրոջ սեւեռելու՝ Անոր դիմագիծը տեսնելու համար։

Անդրադառնալով ապա այսօրուան աւետարանին, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ  առաքեալները շնորհքը ունեցան Յիսուսի հետ ֆիզիքապէս հանդիպելու, առանձնական հանդիպում ունենալու եւ այդ Յիսուսին հետ հանդիպումը կարելի է նաեւ մեզի համար՝ երրորդ հազարամեայի առաքեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց, թէ Տիրոջ դիմագիծը որոնելու իղձէն մեկնած, կրնանք մենք եւս Տէրը  ճանչնալ աղքատներուն, հիւանդներուն, լքուածներուն դիմագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ օտարականներուն մէջ, որ Աստուած զանոնք կը զետեղէ մեր  կեանքի ուղեւորութեան ներքոյ, աւելցնեով , որ այդ հանդիպումը մեզի համար նաեւ կը դառնայ փրկութեան, ժամանակի շնորհքը, կատարելով միեւնոյն առաքեալներուն յանձնուած առաքելութիւնը։

Քարոզի ընթացին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց եօթը տարի առաջ, Լամեփտուզա կղզի կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, գաղթականներու հետ ունեցած հանիդպումէն կարգ մը դրուագներ։

Նշեց, թէ գաղթականներու հետ ունեցած զրյոցի ընթացքին, անդարարձած էր, որ թարգմանիչները շատ հակիրճ կերպով կը թարգմանէին գաղթականներուն երկար խօսքը ։ Եւ այս մէկուն Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադաձած է, Վատիկան վերադարձին, Տոմուս Սանթա մարթա տան,  Եւթոպացի դռնապահուին հետ հանիդպումէն ետք ։ Եւթովպացի կինը, որ հիմա այլեւս չկայ, հոգին աւանդած է, ֆրանչիսկոս Պապի տեղեկացուցած  է, թէ թարգմանիչները գաղթականներուն խօսքին մէկ քառորդը կը թարգմանէին։

«Ինծի փոխանեցին միայն թորեալ տարբերակը» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ եւ այս մէկը կը պատահի նաեւ Լիպիոյ հետ։ Մեզի կու տան միայն թորեալ տաբերակը։ Պատերազմը շատ քէշ է։ Բոլորս շատ լաւ գիտենք,  սակայն  չէք կրնար երերեւակայել դժողքը, որուն մէջ մարդիկ կ՝ապրին։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ։

Ան ապա  Պապ եզրափակեց քարոզը ըսելով, ուրիշին հետ հանդիպումը, Քրիստոսի հետ հանդիպումն է եւ այս մէկը Յիսուս հաստատեց։ Ան մեր մեր դուռը կը բախէ, որպէս անօթի, ծարաւի, օտարական, մերկ, հիւանդ, բանտարկեալ մը,  խնդրելով որ իրեն հանդիպինք ու խնամք տանինք։ Եթէ այս մասին կասկած ունիք  ահա Յիսուսի յստակ խօսքը։ Ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ ըրիք զայն այս իմ փոքրիկ եղբայրներէն մէկուն, ինծի ըրիք ։ Մատթ, 25, 40
ըսաւ Սրբազան Հայրը։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը, մխիթարութեան Մայրը ,թող օգնէ մեզի բացայայտելու իր Որդոյն դիմագիծը, բոլոր եղբայրներու եւ քոյրերու մէջ, որոնք ստիպուած փախչեցան իրենց երկրէն, անարդարութիւններու պատճառաւ , որոնց հետեւանքով  աշխարհը տակաւին կը տառապի»։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 10:42