Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած են Քահանայապետական ընդհանրական ունկնդրութիւնները։

Վերջին ամիսներուն, համաճարակի կանխարգիլման ու սահմանափակումին առընչութեամբ առնուած որոշումներու բերումով ունկնդրութիւնները տեղի ունեցան միայն ուղիղ եթերով՝ Քահանայապետական Պալատի մատենադարանէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի մէկ Յուլիսին եւ ընդհանրապէս Յուլիս ամսուայ բոլոր չորեքշաբթի օրերուն, դադրած կը նկատուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանրական ունկնդրութիւնները, որոնք այս վերջին ամիսներուն, համաճարակի կանխարգիլման ու սահմանափակումին առընչութեամբ առնուած որոշումներու բերումով տեղի ունեցան միայն ուղիղ եթերով՝ Քահանայապետական Պալատի մատենադարանէն։

Հրապարակային ընդհանրական ունկնդրութիւնները կը վերսկսին օգոստոսին  սկիզբը։

Ունկնդրէ լուրը

Աւանդութիւն է որ Քահանայապետերը Յուլիս ամսուայ ընթացքին իրենց ամառնային արձակուրդներն ու հանգիստը կատարեն։ Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ անոնք Յուլիս եւ օգոստոս ամիսները կ՛անցնէին Քասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառնային պալատին մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ընտրութենէն ետք որոշեց այդ շրջանը անցնել Վատիկանի իր նստավայրին մէջ։

Նշենք թէ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։ Հրապարակային կամ ընդհանուր կը կոչուի՝ որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր այն հաւատացեալները որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ համախմբումին։

Ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն ընդհանրապէս օրուան աւետարանական ընթերցումով զոր զանազան խօսնակներ կը ներկայացնեն տարբեր լեզուներով, ապա Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ օրուան խորհրդածութիւնը որուն աւարտին տարբեր լեզուներով կը կատարուի անոր համառօտ ներկայացումը։ Ունկնդրութիւնը վերջ կը գտնէ Տէրունական աղօթքով ու Քահանայապետին առաքելական օրհնութեամբ։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ընդհանրական ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։ 1975-ի Սուրբ տարուայ ընթացքին, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կը կատարուին հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Դահլիճին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն կառուցել տուած էր ճիշդ այդ դիտաւորութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2020, 07:48