Բնիկ ժողովուրդներուն ուտեստեղէնի բաշխում Բնիկ ժողովուրդներուն ուտեստեղէնի բաշխում 

«Սեփական բարիքները բաժնեկցիլը եղբայրութիւն կը ստեղծէ» Ֆրանչիսկոս Պապ

Պրազիլի մէջ Գիւղական աշխատողներու օրուան առթիւ որ նշուեցաւ 25 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը ուղարկած է, շնորհակալութիւն յայտնելով «առանց հողի շարժումի» անդամներուն, աղքատ ընտանիքներուն ուտեստեղէն բաժնելուն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գաղթականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ Կարդինալ Միքայէլ Շեռնի, Պրազիլի մէջ 25 Յուլիսին նշուած Գիւղական աշխատողներու օրուան առթիւ, պատգամ մը յղած է, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Պրազիլի «Առանց Հողի» շարժումին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց աշխատանքին համար ու յատկապէս անոնց 35 տարուայ անխոնջ գործունէութեան համար ի նպաստ աղքատ խաւին։  

Շարժումին աշխատանքներուն շնորհիւ 35 տարուայ ընթացքին ստեղծուած են հարիւրաւոր գիւղա-արդիւնաբերութեան հաստատութիւններ, որոնք անարդիւնաւէտ հողերը դարձուցած են պտղաբեր, ի ծառայութիւն աւելի քան 370 հազար գիւղացի ընտանիքներուն։

Շարժումին շարժիչ ուժը «փոխ օգնութիւնն» է։  Քովիտ 19 ժահրի այս ժամանակաշրջանին, որմէ առ աւելիով կը տառապի Պրազիլը, վերոնշեալ արժէքը տուաւ իր պտուղները, օգնութեան հասնելով դժուարութեան մէջ գտնուող հազարաւոր ընտանիքներուն։  

Քահանայապետը այս մէկը նկատեց «բաշխումի գեղեցիկ ժեսթ» մը շնորհակալութիւն յայտնելով Պրազիլական կազմակերպութեան ու հաստատելով թէ այդ մէկը կը յառաջացնէ «զօրակցութիւն եւ եղբայրական հաղորդութիւն»։   

Յիսուս արդարեւ հացերը բազմացուց կերակրելու համար իր ժամանակուայ անօթիները։ Բաժնեկցութիւնը կեանք կը պարգեւէ, եղբայրական կապեր կը ստեղծէ եւ ընկերութիւնը կը փոխակերպէ։

«Կը մաղթեմ որ այս ձեր արարքը կրկնապատկուի եւ քաջալերէ այլ անձինք եւ խումեր նոյնը կատարելու, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ անոնք, որոնք ուրախութեամբ կը պարգեւեն» կը գրէ Կարդինալ Շեռնի քահանայապետին անունով ուղարկած պատգամին մէջ, որուն աւարտին բոլոր ընտանիքներուն վրայ կը հայցէ Սուրբ Հոգւոյն հովանին, որպէսզի զանոնք պաշտպանէ քովիտ 19 համաճարակէն ու պարգեւէ քաջութիւն եւ յոյս, այս մեկուսացման ժամանակաշրջանին։   

«Գիւղական աշխատողներու այս օրուան առթի, մեր բարի Աստուածը պահպանէ եւ օրհնէ բոլոր ընտանիքները որոնք կը զբաղին հողագործութեամբ եւ կը պայքարին հողի բաժնեկցութեան եւ մեր հասարակաց տան խնամքին համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2020, 10:55