Պրազիլի համաշխարհային երիտասարդաց հաւաքէն առնուած լուսանկար Պրազիլի համաշխարհային երիտասարդաց հաւաքէն առնուած լուսանկար 

Պրազիլի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին 7-րդ տարեդարձը. երիտասարդները, տարեցները եւ Յովելայ մարգարէն

Ֆրանչիսկոս Պապին առաջին առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը՝ Պրազիլ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ, 1 մարտ 2013ին, քահանայապետ ընտրուելէ ետք, առաջին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը կատարեց՝ Պրազիլ նախագահելու համար Ռիօ Տէ Ժաներոյի մէջ երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

26 յուլիս 2013ին, համայն աշխարհէն Պրազիլ ժամանած հազարաւոր երիտասարդներուն ներկայութեամբ , Ֆրանչիսկոս Պապպ Ռիօ Տէ Ժանեյրոյին արքեպիսկոպոսարանի պատշգամէն արտասանած  Մարեմեան աղօթքի առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադառնալով , Տիրամօր ծնողքին՝  Յովակիմի եւ Աննայի   անուանակոչութեան օրուան ծիսական տօնին  շեշտը դրաւ տարեցներու եւ մանուկներուն միջեւ հանդիպումի կարեւորութեանն վրայ, ըսելով որ«մանուկներն ու տարեցները ժողովուրդներու ապագան կը կազմեն, որովհետեւ մանուկները պատմութիւնն է, որ  յառաջ կը տանին իսկ՝ տարեցները՝ իրենց կեանքի փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը կը փոխանցեն։

Արդարեւ՝ Ֆրանչիսկոս Պապ իր քահանայապետութեան շրջանին արտասանած ճարերուն, հրապարակային ունկնդրութիւններուն մէջ ստէպ անդրադարձած եւ շետած է երիտասարդներուն ու տարեցներուն միջեւ հանդիպումի հրամայականը, նկատել տալով ,որ յաճախ  երիտասարդներն ու տարեցները մնացորդացի մշակոյթին թիրախ են, եւ   լոկ տարեցներու  երիտասարդներուն միջեւ հանդիպումով է, որ ձեռք պիտի բերենք աւելի  լաւ ու փայլուն ապագայ մը։

2 փետրուար 2018ին, Անձինք նուիրեալներուն օրուան առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց « եթէ երիտասարդները կանչուած են նոր դռներ բանալու, տարեցները  այդ դռներու բանալիներն են.  չկայ ապագայ առանց երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ հանդիպումին եւ որուն բեղուն ու արդիւնաբեր վայրն է երազները։

2018ին, հոկտեմբեր ամսոյն, երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց երիտասարդները պաշտպանել երազները ինչպէս կը պաշտպանուին զաւաները, ընդգծելով,  որ փակումները չեն ճանչնար հորիզոններ, մինչ՝  երազները այո։ Ֆրանչիսկոս քահանայապետը երիտասարդներու յանձնեց պատասխանատուութիւն մը ըսելով « դուք ձեր ուսերուդ վրայ չէք կրնար կրել տարեցները, սակայն կրնաք կրել անոնց երազները եւ այդ երազներն են, որ ձեզ պիտի պիտի հանգստացնեն։

Տարեցներու եւ երիտասարդներու հանդիպումի կարեւորութեան մասին ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ անցեալ տարին յունիս ամսոյն Ռոմանիա կատրած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ըսելով
Տարեցները կ՝երազեն, երբ՝ թոռնիկները յառաջ կ՝երթան, իսկ  թոռնիկները իրենց կարգին քաջութիւնը կ՝ունենան՝ երբ ձեռք կը բերեն մեծ մայրիկներու եւ հայրիկներու երազները։ «Արմատներն ու ծիլերը կրնար առանց մէկը միւսին գոյանալ, որովհետեւ մէկը միւսին համար եղած են»։

2020 թուականին համաճարակի ճգնաժամի օրերուն, Անգլիական պարբերականի մը հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով տարեցներուն եւ երիտասարդներու միջեւ լարուածութեան նշեց թէ այդ լարուածութիւնները կրնան լուծուիլ լոկ հանդիպումի միջոցաւ։ Երիտասարդներ ծիլեր են, սակայն անոնք պէտք ունին արմատներուն,  ապա թէ ոչ պիտի չկարենան պտուղ տալ։

Համաճարակի տագնապի օրերուն յուսախաբ ու Ժահրէ սարսափած տարեցներուն ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց երազելու քաջութիւնը ունենալ ըսելով  «Ձեր հայեացքը այլուր սեւեռեցէք, միշտ յիշելով ձեր թոռնիկները եւ մի դադրիք երազելէ։ Այս է, որ Աստուած ձեզմէ կը խնդրէ՝ երազել։» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2020, 12:21