Ֆրանչիսկոս Պապ վերանորոգեց համընդհանուր զինադադարի ի նպաստ ՄԱԿ-ի կոչին իր յանձնառումը։

Գովելի է համընդհանուր եւ անյապաղ զինադադարի կոչը, որ կը սատարէ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, որոնք անհրաժեշտ են մարդասիրական կենսական օգնութիւնները երաշխաւորելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարփան - Վատիկան

Կիրակի 5 Յուլիս 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշեցուց թէ այս շաբաթուայ ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը որդեգրած է յատուկ մէկ բանաձեւ, որ կը նախատեսէ որոշ միջոցներ՝ դիմագրաւելու համար Քովիտ19 ժահրի աւերիչ հետեւանքները, յատկապէս հակամարտութիւններու բեմ շրջաններուն մէջ։ 

“Մաղթանք կը յայտնեմ որ այս որոշումը իսկապէս եւ անյապաղ կերպով գործադրուի, տառապանքի մէջ գտնուող բազմաթիւ անձերու բարիքին համար”

«Գովելի է համընդհանուր եւ անյապաղ զինադադարի խնդրանքը, որ կը սատարէ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, որոնք անհրաժեշտ են մարդասիրական կենսական օգնութիւնները երաշխաւորելու համար։ Մաղթանք կը յայտնեմ որ այս որոշումը իսկապէս եւ անյապաղ կերպով գործադրուի, տառապանքի մէջ գտնուող բազմաթիւ անձերու բարիքին համար։ Թող որ Ապահովութեան Խորհուրդի սոյն  բանաձեւը  դառնայ քաջութեան առաջին քայլը ի նպաստ խաղաղ ապագայի» ըսաւ Սրբազան Պապը իր յանձնառումը ցուցաբերելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի զինադադարի ի նպաստ կոչին։

Ողջոյն Լեհ ուխտաւորներուն

Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հուսկ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով Լեհ ուխտաւորներուն եւ իր օրհնութիւնը շնորհելով Ռատիօ Մարիամի ընտանիքի ուխտագնացութեան՝ դէպի Չեսթոքովայի սրբավայր, զոր տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ օր, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան հարիւրամեակի նշման ծիրէն ներս, որպէս բնաբան ունենալով «Ամէն ինչ կը յանձնեմ Մարիամին»։

Սրբազան Պապը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2020, 12:15