1595158463768.jpg

Մարեմեան աղօթք։ «Ամէն օր փնտռենք Աստուծոյ արքայութեան գանձը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Երկնքի արքայութեան լոյսը հրավառութիւն չէ՝ իսկական լոյս է, ան հակառակն է աշխարհին նուիրած մակերեսային իրերուն, հակառակն է տափակ կեանքին, ան գանձ մըն է որ կը նորոգէ ամենօրեայ կեանքը եւ զայն կը մղէ դէպի ընդարձակ հորիզոններ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, այս կիրակի օրուայ  աւետարանը (Մատթէոս 13, 44-52) կը համապատասխանէ այն հատուածի վերջին համարներուն զոր Մատթէոս կը նուիրէ Երկնքի Արքայութեան առակներուն։ Հատուածը կ՛ընդգրկէ երեք կարճ առակներ՝ պահուած գանձին առակը, մարգարիտինը եւ ծովուն մէջ նետուած ուռկանին առակը։ Ես պիտի խորանամ առաջին երկու առակներուն վրայ՝ որոնք կը խօսին երկու թանկարժէք իրականութիւններու մասին՝ այսինքն պահուած  գանձը եւ մարգարիտը»։ Այս խօսքերով  է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 26 յուլիս 2020-ի կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, մեկնաբանելով Աւետարանական հետեւեալ հատուածը.

«Երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ։ Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ. եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։

«Մարգարիտն ու գանձը գտնող մարդոց արձագանքը միեւնոյնն է. Մարդն ու վաճառականը ամէն իրենց ունեցածները կը ծախեն գնելու համար այն ինչ որ իրենց սրտին թանկարժէք է» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա բացատրեց՝ թէ Յիսուս այս երկու առակներով ցոյց կու տայ՝ թէ «Աստուծոյ Արքայութեան մաս կը կազմեն անոնք՝ որոնք պատրաստակամ են ամէն ինչ գրաւի տակ դնելու», ինչպէս ըրին երկու մարդիկը, եւ այս կը նշանակէ՝ թէ «Երկնքի Արքայութեան կառուցումը պահանջը ունի ոչ միայն Աստուծոյ շնորհքին այլ նաեւ մարդուն գործնական տրամադրութեան»։  

«Մենք ալ կանչուած ենք հետեւելու աւետարանի երկու դերակատարներու վարուելակերպին, մեր կարգին դառնալով Աստուծոյ թագաւորութեան առողջօրէն անհանգիստ որոնողները։ Այս կը նշանակէ լքել մեր աշխարհիկ ապահովութիւններու ծանր բեռերը, որոնք մեզի արգելք կը հանդիսանան Արքայութեան փնտռտուքի եւ կառուցումին մէջ. տիրանալու ցանկութիւն, շահի և ուժի ծարաւ ՝ մտածելով միայն մեր մասին», ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով՝ որ  «մեր այս օրերուն, որոշ մարդոց  կեանքը կարող է ըլլալ միջակ կամ ձանձրանալի, որովհետեւ մի գուցէ անոնք իրական գանձը չի փնտռեցին, այլ բաւարարուեցան գրաւիչ  բայց ժամանակաւոր բաներով, իրենց ետին խաւար լքող պատրանքային լոյսերով»։  

«Երկնքի արքայութեան լոյսը հրավառութիւն չէ՝ իսկական լոյս է, ան հակառակն է աշխարհին նուիրած մակերեսային իրերուն, հակառակն է տափակ կեանքին, ան գանձ մըն է որ կը նորոգէ ամենօրեայ կեանքը եւ զայն կը մղէ դէպի ընդարձակ հորիզոններ»։  

«Արդարեւ այն որ այս գանձը կը գտնէ ստեղծագործ եւ որոնող սիրտ մը ունի, որ չի կրկներ այլ կը հնարէ, բանալով եւ քալելով նոր ճանապարհներու վրայ, որոնք մեզ կը մղեն սիրելու Աստուած, սիրելու ուրիշները ու սիրելու մենք մեզ իսկապէս», յարեց հուսկ Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ «Յիսուս է պահուած գանձը եւ մեծ արժէքով մարգարիտը» ու թէ «Ան չի կրնար եթէ ոչ միայն ուրախութիւն հրահրել, աշխարհին բոլոր ուրախութիւնը, ուրախութիւնը վերագտնելու սեփական կեանքին իմաստը եւ ուրախութիւնը այդ կեանքը զգալու յանձնառու սրբութեան արկածախնդրութեան մէջ»։   

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը, որպէսզի ամէն օր փնտռենք  Աստուծոյ Արքայութեան գանձը, եւ մեր խօսքերուն եւ արարքներուն մէջ յայտնուի սէրը՝ զոր Ատուած պարգեւեց Յիսուսին միջոցաւ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2020, 12:06