Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք. «Պէտք է Աստուծոյ նման համբերատար ըլլանք»

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ ճանչնալու եւ նմանելու Աստուծոյ համբերութեան, որ կը փափաքի՝ որ Հօր սիրով սիրած իր զաւակներէն եւ ոչ մէկը կորսուի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 Յուլիս 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեման աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով Մարեմեան աղօթքին ու ներկայացնելով օրուան խորհրդածութիւնը,  ներշնչում քաղելով Մատթէոս Աւետարանէն քաղուած այն հատուածէն ուր Յիսուս առակներու միջոցաւ կը ներկայացնէ  Երկնքի Թագաւորութիւնը (Մատթէոս 13, 24-43)։

Քահանայապետը ուզեց շեշտը դնել առաջին առակին վրայ՝ հայող որոմին, «որուն միջոցաւ, ըսաւ Ան, Յիսուս մեզի ճանչցնել կու տայ Աստուծոյ համբերութիւնը, մեր սիրտը բանալով յոյսին»։

Յիսուս կը պատմէ թէ «Երկինքի թագաւորութիւնը նման է մարդու մը, որ իր արտին մէջ լաւ սերմ ցանեց:  Մինչ մարդիկ կը քնանային՝ իր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց: Երբ խոտը ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ:  Տանտիրոջ ծառաները մօտեցան եւ ըսին անոր. “Տէ՛ր, դուն լաւ սերմ չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է”:  Ան ալ ըսաւ անոնց. “Թշնամի մը ըրած է ասիկա”: Ծառաները ըսին իրեն. “Ուստի կ՚ուզե՞ս որ երթանք ու քաղենք զանոնք”:  Իսկ ան ըսաւ. “Ո՛չ, որպէսզի երբ որոմը քաղէք՝ ցորենն ալ չփրցնէք անոր հետ:  Թո՛յլ տուէք որ երկուքն ալ միասին աճին՝ մինչեւ հունձքի ատենը”: Եւ հունձքի ատենը պիտի ըսեմ հնձողներուն. “Նախ որո՛մը քաղեցէք ու խուրձ-խուրձ կապեցէ՛ք՝ այրելու համար, իսկ ցորենը ժողվեցէ՛ք իմ ամբարս”»:

«Այս առակին մէջ կայ պատմութեան տեսլականը։ Աստուծոյ կողքին, որ արտին տէրն է եւ միշտ բարի սերմ կը ցանէ, կայ հակառակորդը, որ որոմ կը ցանէ, արգելք հանդիսանալու ցորենի աճումին» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Տանտէրը կը գործէ յայտնապէս, արեւի լոյսին տակ, անոր նպատակն է բարի հունձքը, իսկ միւսը՝ մթութեան մէջ կը գործէ, տարուած նախանձէ եւ հակառակութենէ, որպէսզի ամէն ինչ կործանէ։  Այդ հակարակորդը ունի անուն մը՝ սատանայ։ Անոր նպատակն է արգելք հանդիսանալ փրկութեան ծրագրին։

Բարի սերմն ու որոմը կը ներկայացնեն մեզ՝ մարդ էակներս, որոնք կարող են հետեւիլ կամ Աստուծոյ կամ սատանային։

Տանտէրը՝ որ աւելի իմաստուն է ծառաներէն կը յորդորէ սպասել, համբերել, որովհետեւ հալածանքներուն ու դժուարութիւններուն  դիմանալը մաս կը կազմեն քրիստոնեայի կոչումին։

«Չարը անշուշտ պէտք է մերժուի, սակայն չարերը անձեր են, որոնց հետ պէտք է համբերութեամբ վարուիլ։ Ոչ թէ կեղծաւոր հանդուրժողականութիւն, որ երկիմաստութիւն մը կը թաքցնէ,  այլ արդարութիւն  մեղմացուած  ողորմութեամբ։ Որովհետեւ եթէ Յիսուս եկած է փնտռելու մեղաւորները արդարներէն աւելի, խնամելու հիւանդները առողջներէն առաջ, իր աշակերտներուն արարքները եւս պէտք է միտին փրկելու  չարերը»  յարեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով՝ որ «Այսօրուայ աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ վարուելակերպի երկու ձեւեր՝ տանտիրոջը եւ ծառաներունը։ Ծառաներուն մտահոգութիւնն է առանց որոմի արտը, մինչ տանտէրը կ՛ուզէ բարի սերմը։

Աստուծոյ հետ լաւապէս կը համագործակցի ան՝ որ գիտէ ճանչնալ բարին, որ լռութեամբ կ՛աճի Եկեղեցւոյ եւ պատմութեան  արտին մէջ։ Վերջաւորութեան Աստուած է ու միայն Ինքն է, որ պիտի վարձատրէ բարիները եւ պիտի պատժէ չարերը։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ ճանչնալու եւ նմանելու Աստուծոյ համբերութեան, որ կը փափաքի՝ որ Հօր սիրով սիրած իր զաւակներէն  եւ ոչ մէկը կորսուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2020, 12:16