Սերմնացանին առակը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան։

«Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, բարի եւ պտղատու հողին տիպարը, մեզ օգնէ, իր աղօթքով, դառնալու առանց փուշերու եւ քարերու տրամադիր հող մը, որպէսզի մեր ու մեր եղբայրներուն համար պարգեւենք բարի պտուղներ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12  Յուլիս 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ ուր Յիսուս կը պատմէ սերմնացանին առակը (Մատթէոս 13, 1-13)։

«Աստուծոյ խօսքը որ խորհրդանշուած է սերմերով, վերացական Խօսք մը չէ այլ նոյնինքն Քրիստոսն է, Աստուծոյ  Բանը որ մարմին առաւ Մարիամի արգանդին մէջ։ Ուստի Աստուծոյ խօսքը ընկալելը կը նշանակէ ընկալել Քրիստոսը անձնապէս» ըսաւ Սրբազան Պապը խորհրդածութեան սկիզբը, նշելով՝ որ Աստուծոյ Խօսքը ընկալելու համար կան տարբեր ձեւեր ։

Նման սերմին, կարող ենք զայն ընկալել ճամբու մը եզերքը՝ ուր թռչունները կու գան եւ կ՛ուտեն սերմերը։ Ասիկա ցրուածութիւնն է՝ որ մեր ժամանակներու ամենամեծ վտանգն է։ Հիասթափուած այդքան շատ բամբասանքներով, այդքան շատ գաղափարախօսութիւններով,  մոլորելու շարունակական հնարաւորութիւններով, ըլլայ տան մէջ ըլլայ տունէն դուրս, կարող ենք կորսնցնել լռութեան, ամփոփումի, Տիրոջ հետ երկխօսութեան համը, մինչեւ իսկ հաւատքը կորսնցնելու վտանգը։

Աստուծոյ Խօսքը կարող ենք ընկալել քարքարուտ հողի վրայ, ուր սերմը շուտով  կ՛աճի բայց շուտով ալ կը չորնայ, որովհետեւ խոր արմատներ չունի։ Այս մէկը  պատկերն է ժամանակաւոր խանդավառութեան, որ կը մնայ մակերեսային եւ չի իւրացներ Աստուծոյ Խօսքը։ Առաջին դժուարութեան դիմաց կամ վրդովումի առջեւ այդ հաւատքը որ արդեն տկար է կ՛անհետանայ։

Աստուծոյ Խօսքը կարելի է ընկալել նաեւ փշոտ խոտերով հողի մը վրայ։ Այդ փուշերը խաբէութիւններն են, հարստութեան, յաջողութեան եւ աշխարհիկ մտահոգութիւններու։ Այնտեղ Աստուծոյ խօսքը կարող չէ պտուղ տալ։

Աստուծոյ խօսքը ապա կարելի է ընկալել լաւ եւ առատ հողի վրայ, եւ ահա այստեղ է որ սերմը արմատ կը դնէ եւ պտուղ կու տայ։ Այս  սերմը կը ներկայացնէ անոնք՝ որոնք կ՛ունկնդրեն Խօսքը, զայն կ՛ընկալեն, կը պահպանեն իրենց սրտին մէջ եւ ի  գործ կը դնեն կեանքի իւրաքանչիւր օրուայ ընթացքին։

«Սերմնացանին այս առակը մայրն է բոլոր առակներուն, որովհետեւ կը խօսի Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեան մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ այս առակը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուծոյ Խօսքը սերմ մըն է որ ինքնիր մէջ պտղաբեր եւ արդիւնաւէտ է. Աստուած զայն կը ցանէ ամենուրէք՝ վեհանձնութեամբ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս արտ մըն է, ուր կ՛իյնայ Խօսքին սերմը։ Ոչ մէկը բացառուած է։ «Հարկ է մենք մեզի հարց տանք՝ ի՞նչ տեսակ հողեր ենք, ձգտելով դառնալ պտղաբեր հող, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը հասուննայ» ղարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը նշելով՝ որ  «այդ մէկը արդեն իսկ ներկայ է մեր սրտին մէջ, սակայն զայն պտղաբեր դարձնելը կախեալ է մեզմէ, կախեալ է հիւրընկալութենէն որ կը վերապահենք սերմին։ Յաճախ ցրուած ենք այդքան շատ շահերով, արձագանքներով եւ դժուար է շատ ձայներու եւ բառերու մէջ զանազանել Տիրոջ ձայնը՝ որ միակն է որ մեզ ազատ կը դարձնէ»։

«Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, բարի եւ պտղատու հողին տիպարը, մեզ օգնէ, իր աղօթքով,  դառնալու առանց փուշերու եւ քարերու տրամադիր հող մը, որպէսզի մեր ու մեր եղբայրներուն համար պարգեւենք բարի պտուղներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2020, 12:43