1593948964593.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 Յուլիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յիսուս հեզ եւ խոնարհ տիպարն է ոչ թէ յուսալքումին, այլ հոգիով աղքատին ու բոլոր անոնց որոնք Աւետարանի երանելիներն են, որոնք կը կատարեն Աստուծոյ կամքը եւ կը վկայեն անոր թագաւորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այս կիրակի օրուայ Աւետարանը (Մատթէոս 11, 25-30) կազմուած է երեք մասերէ. Նախ եւ առաջ Յիսուս օրհնութեան եւ գոհաբանութեան օրհներգ կը բարձրացնէ Հօր, որովհետեւ աղքատներուն եւ պարզերուն յայտնեց երկնքի Թագաւորութեան խորհուրդները։ Ան ապա կը բացայայտէ Հօր հետ ունեցած իր մտերիմ եւ իւրայատուկ կապը, ապա հրաւէր կ՛ուղղէ իր մօտ երթալու ու իրեն հետեւելու հանգստի գտնելու համար» Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 4 Յուլիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան մեկնաբանելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ հատուածը։

Այն ժամանակ Յիսուս պատասխան տուեց եւ ասաց. «Գոհութիւն եմ յայտնում քեզ, Հա՛յր, Տէ՛ր երկնքի եւ երկրի, որ ծածկեցիր այս բանը իմաստուններից եւ գիտուններից ու յայտնեցիր մանուկներին: 26 Այո՛, Հա՛յր, քանի որ այսպէս հաճելի եղաւ քեզ: 27 Ամենայն ինչ տրուեց ինձ իմ Հօրից. եւ ոչ ոք չի ճանաչում Որդուն, եթէ ոչ՝ Հայրը. եւ ոչ ոք չի ճանաչում Հօրը, եթէ ոչ՝ Որդին, եւ նա, ում Որդին ուզենայ յայտնել: 28 Եկէ՛ք ինձ մօտ, բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ: 29 Իմ լուծը ձեր վրայ վերցրէ՛ք եւ սովորեցէ՛ք ինձնից, որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ. եւ ձեզ համար հանգիստ պիտի գտնէք, 30 որովհետեւ իմ լուծը քաղցր է եւ իմ բեռը՝ թեթեւ»:

Յիսուս, ըսաւ Քահանայապետը,  Աստուած կը փառաբանէ որովհետեւ արքայութեան գաղտնիքները թաքուն պահեց իմաստուններէն եւ գիտուններէն՝ որոնք փակ սիրտ մը ունին,  ու զանոնք յայտնեց մանուկներուն, որոնք վստահութեամբ կը բացուին փրկութեան Խօսքին եւ իղձն  ունին Անոր։

Յիսուս ապա կը բացայայտէ թէ ինք ամէն ինչ ստացաւ Հօրմէ։ Զայն կը կոչէ «Հայր իմ», հաստատելու համար անոր հետ կապրին իւրայատկութիւնը։ Ապա Յիսուսին հրաւէրը. «Ինծի եկէ՛ք, բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգիստ պիտի տամ։ Յիսուս կը խոստանայ քաղցր լուծ մը եւ թեթեւ իմ բեռ»։

Յիսուս հեզ եւ խոնարհ տիպարն է ոչ թէ յուսալքումին, այլ հոգիով աղքատին ու բոլոր անոնց որոնք Աւետարանի երանելիներն են, որոնք կը կատարեն Աստուծոյ կամքը եւ կը վկայեն անոր թագաւորութիւնը։

Հանգիստը՝ զոր Քրիստոս կ՛առաջարկէ  յոգնած ու ճնշուածներուն  պարզ հոգեբանական թեթեւացում մը չէ,  կամ ողորմութիւն, այլ ուրախութիւնն է աղքատներուն, որոնք ուրախ են աւետարանի հասցէատէր եւ նոր մարդկայնութեան կառուցողները ըլլալուն համար։

Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց պատգամ մըն է սա, զոր Յիսուս այսօր եւս կ՛ուղղէ, աշխարհի մը մէջ որ կը վեհացնէ անոնք՝ որոնք զօրեղ ու հարուստ կը դառնան, կարեւոր չէ ինչ միջոցներով, ու շատ անգամ ոտնակոխ ընելով մարդ անհատը եւ անոր արժանապատուութիւնը։

«Պատգամ է սա եկեղեցւոյ համար, որ կանչուած է ողորմութեան գործունէութիւնը ապրելու եւ աւետարանելու աղքատները» ըսաւ Սրբազան Պապը, հայցելով Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի Աստուծմէ՝ մեզի համար հայցէ  սրտի իմաստութիւն, «որպէսզի մեր կեանքէն ներս զատորոշենք Իր նշանները ու մասնակից դառնանք այն խորհուրդներուն, որոնք թաքնուած  են սնապարծներուն ու յայտնուած են հեզերուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2020, 12:11