Յիսուսի Սուրբ Սիրտը Յիսուսի Սուրբ Սիրտը 

«Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրենք տառապող մարդկութեան դիտաւորութիւնները» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Թող որ այս Սիրտը, լի սիրով մարդկութեան նկատմամբ, բոլորին պարգեւէ յոյս եւ վստահութիւն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուղիղ եթերով սփռուած 17 Յունիսի Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ունկնդրութեան հետեւող հազարաւոր հաւատացեալներուն խրախուելով զանոնք վերագտնելու հարստութիւնները՝ որոնք կը գտնուին Յիսուսի Սուրբ Սրտին մէջ, որուն տօնը կը յիշատակուի միւս օրը։

«Ձեզ կը հրաւիրեմ վերագտնելու հարստութիւնները՝ որոնք թաքնուած են Յիսուսին Սուրբ Սրտին մէջ, որպէսզի սորվինք սիրել մերձաւորը» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Մինչ ֆրանսախօս հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ խրախուսեց զանոնք վախ չունենալու՝ Յիսուսի Սուրբ Սրտին ներկայացնելու տառապող մարդկութեան բոլոր դիտաւորութիւնները, անոր վախերն ու թշուառութիւնները։

«Թող որ այս Սիրտը, լի սիրով մարդկութեան նկատմամբ, բոլորին պարգեւէ յոյս եւ վստահութիւն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ունկնդրութեան աւարտին յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց տարեցներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն,  հրաւիրելով զանոնք իրենց հայեացքը ուղղելու Յիսուսի Սուրբ Սրտին. «Այնտեղ պիտի գտնէք խաղաղութիւն, մխիթարութիւն եւ յոյս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա բոլորին շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 10:16