Յիսուս կոյր մը կը բժշկէ Յիսուս կոյր մը կը բժշկէ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 27 Յունիսի Թուիթը՝ «Թոյլ տանք որ Յիսուս իր հայեացքը ուղղէ մեր վրայ»

Աստուած կը յիշէ նոյնիսկ ամենամեծ մեղաւորը։ Տէրը կը յիշէ մեզ ու իր հայեացքը մեր վրայէն չի վերցներ, հակառակ բոլոր պատնէշներուն, որոնք կարող են մեզ հեռու պահել Անորմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Եթէ կջանաս իմաստ մը տալ կեանքին եւ չի կարողանալով  դուն քեզ լքումի կը մատնես սէրը փոխարինող իրողութիւններով, ինչպես հարստութիւնը, ասպարէզը, հաճոյքը, որոշ հակումներ, թոյլ տուր որ Յիսուս քեզի նայի եւ պիտի բացայայտես թէ դուն միշտ սիրուած եղած ես»։

27 Յունիս 2020-ի Սրբազան Պապին սոյն թուիթը քաղուած է Անոր 21 սեպտեմբեր 2019-ին, Ալպանօ թեմին կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս մատուցած պատարագի քարոզէն, որ մեկնաբանութիւնն էր այդ օրուայ Աւետարանական հատուածին որ կը խօսէր Յիսուսի Զակքէոսի հետ հանդիպումի մասին։

Զակքէոս մաքսաւոր մըն էր, մաս կը կազմէր այն հրեաներուն, որոնք ատուած էին ժողովուրդի կողմէ, որովհետեւ տուրքեր  կը հաւաքէին Հռոմէական Կայսրութեան համար։ Ան հարուստ էր եւ դիւրին է գուշակել թէ ինչպէս դիզած էր իր հարստութիւնը։ Իր հայրենակիցներուն համար Զակքէոսը վատ անձ մըն էր, սակայն ոչ Յիսուսին աչքերուն համար, որ զինք կը կոչէ իր անունով՝ Զակքէոս,  այսինքն «Աստուած կը յիշէ»։

ԱրդարեւԱստուած կը յիշէ նոյնիսկ ամենամեծ մեղաւորը։  Տէրը կը յիշէ մեզ ու իր հայեացքը մեր վրայէն չի վերցներ, հակառակ բոլոր պատնէշներուն, որոնք կարող են մեզ հեռու պահել Անորմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2020, 13:30