«Տէրը մեզ կը մղէ յիշելու եւ չմոռնալու անոնք որոնք կը տառապին» «Տէրը մեզ կը մղէ յիշելու եւ չմոռնալու անոնք որոնք կը տառապին» 

«Տէրը մեզ կը մղէ յիշելու եւ չմոռնալու անոնք որոնք կը տառապին» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Անհրաժեշտ է իրական մօտիկութիւն։ Անհրաժեշտ են զօրակցութեան իսկական շղթաներ։ Յիսուս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեզի մօտիկ կը դառնայ, մենք ալ միայնակ չի թողունք անոնք որոնք մեզի մօտիկ են։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տէրը մեզ կը մղէ յիշելու, վերականգնելու վերակառուցելու եւ այս մէկը ընելու միասին, առանց մոռնալու անոնք՝ որոնք կը տառապին»։ Աս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երեքշաբթի՝ 16 Յունիսին Քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուած թուիթը։

Ունկնդրէ լուրը

Բառեր որոնք քաղուած են Նորին Սրբութեան անցեալ կիրակի՝ 15 Յունիսին, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին նուիրուած սուրբ պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզէն, ուր ի մէջ այլոց քահանայապետը ըսաւ. «Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք միայն անօթի բերաններ չենք, այլ նաեւ Տիրոջ ձեռքերն ենք՝ մերձաւորին անօթութիւնը յագեցնելու համար։ Հրատապ է այսօր հոգ տանիլ անոնց՝ որոնք կերակուրի եւ արժանապատուութեան սովէն կը տառապին, անոնց՝ որոնք գործազուրկ են ու դժուարութեամբ յառաջ կ՛ընթանան։ Այս ընելու ենք գործնական գետնի վրայ, այնպէս ինչպէս գործնական է Հացը զոր Յիսուս մեզի կը պարգեւէ։ Անհրաժեշտ է իրական մօտիկութիւն։ Անհրաժեշտ են  զօրակցութեան իսկական շղթաներ։ Յիսուս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեզի մօտիկ կը դառնայ, մենք ալ միայնակ չի թողունք անոնք որոնք մեզի մօտիկ են»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2020, 13:30