Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մեծ կարիք ունինք Սուրբ Հոգիի լոյսին ու զօրութեան» Ֆրանչիսկոս Պապին 2 Յունիսի թուիթները։

Քաջութիւնն ունենանք փոխուելու, ըլլալու առաջուընէ աւելի լաւ, դրական կերպով կառուցելու համար յետ համաճարակի տագնապը»։
Ունկնդրէ լուրը

«Հայցենք Սուրբ Հոգիին գալուստը, որպէսզի լոյս եւ ուժ պարգեւէ համաճարակէն ծանրապէս խոցուած #Ամազոնի եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան։ Կ՛աղօթեմ այդ սիրելի տարածաշրջանի աղքատներուն ու համայն աշխարհի աղքատներուն համար եւ կոչ կ՛ուղղեմ՝ որպէսզի եւ ոչ մէկուն պակսի առողջապահական խնամակալութիւն»  Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի 2 Յունիս 2020-ին հրապարակած թուիթի մը մէջ։ Մտքեր քաղուած  Անոր անցեալ Կիրակի օրուայ «Ողջ Լեր թագուհի» Մարեմեան աղօթքի աւարտին արտասանած  խօսքերէն, ուր Ան նաեւ նշեց՝  թէ «Մեծ կարիքն ունինք Սուրբ Հոգւոյն լոյսին ու զօրութեան։ Անոր կարիքը ունի եկեղեցին՝ քալելու համար համերաշխ ու արիութեամբ վկայելով Աւետարանը։ Կարիքն ունի նաեւ համայն  մարդկային ընտանիքը, որպէսզի ճգնաժամէն դուրս գայ աւելի միացած՝ եւ ոչ թէ բաժնուած»։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնած էր նեաւ՝ «որ քաջութիւնն ունենանք  փոխուելու, ըլլալու աւելի լաւ, առաջուընէ աւելի լաւ, դրական կերպով կառուցելու համար յետ համաճարակի տագնապը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2020, 13:30