Սուրիոյ պատերազմի աւերակները Սուրիոյ պատերազմի աւերակները 

Աղօթենք «Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին ապագային սատարող» ԵՄ եւ ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովին համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

30 Յունիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին ապագային թիկունք կանգնելու համար» Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան չորրորդ խորհրդաժողովին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երեքշաբթի 30 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ «Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապագային սատարելու» Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան չորրորդ խորհրդաժողովը։ Աղօթենք այդ կարեւոր հանդիպումին համար,  որպէսզի կարողանայ բարելաւել սուրիացի ժողովրդին ու դրացի ժողովուրդներուն ողբերգական իրավիճակը, յատկապէս Լիբանանին, որ կը գտնուի ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի մէջ, զոր համաճարակը աւելիով դժուարացուց»։ Կոչն է այս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, զոր ուղղեց անցեալ կիրակի օրը՝ 28 Յունիսի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական  Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, ի տես այսօր՝ 30 Յունիսին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք «Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին ապագային թիկունք կանգնելու համար» Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան չորրորդ խորհրդաժողովին, որ համաճարակի բերումով տեղի կ՛ունենայ առցանց։

Ժողովին նպատակն է համախմբել հարցով շահագրգռուած բոլոր կողմերը  արդիւնաւէտ օրէն դիմագրաւելու համար ստեղծուած  իրավիճակը, աջակցիլ  Միացեալ Ազգերու ջանքերուն  քաղաքական լուծում գտնելու համար Սուրիոյ հակամարտութեան եւ ի  գործ դնել անհրաժեշտ ֆինանսական աջակցութիւնը՝ Սուրիոյ ե սուրիացի փախստականները հիւրընկալող սահմանակից երկիրներուն ի նպաստ  ու նաեւ շարունակել եւ խորացնել քաղաքացիական հասարակութեան հետ երկխօսութիւնը։

Վերոնշեալ կոչին մէջ Քահանայապետը յատուկէն ակնարկելով Լիբանանին խնդրեց՝   որ «առաջնորդները կարող ըլլան խաղաղութիւն հաստատելու» ապա հրաւէր ուղղեց  աղօթելու նաեւ Եմենի համար ու յատկապէս մանուկներուն համար, «որոնք մեծապէս կը տառապին մարդկայնական տագնապի հետեւանքով» ըսաւ Ան որ յիշեց նաեւ Արեւմտեան Ուկրանիայի բնակչութիւնը՝ որ թիրախ դարձած է ջրհեղեղի, մաղթելով որ անոնք փորձարկեն Տիրոջ մխիթարութիւնը եւ եղբայրներու օգնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2020, 07:32