Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ժամանումը իր եղբօր տուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ժամանումը իր եղբօր տուն 

Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ի Վատիկան վերադարձը։

Գերմանիա կատարած 4 օր տեւած ճամբորդութեան մը աւարտին, այցելութիւն տալու 96 ամեայ իր ծանր հիւանդ եղբօր Կէորկ Ռացինկերին Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը կը վերադառնայ Վատիկան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը Երկուշաբթի 22 Յուլիսի առաւօտեան վերադարձ կը կատարէ Վատիկան Գերմանիա կատարած 4 օր տեւած ճամբորդութեան մը աւարտին, այցելութիւն տալու 96 ամեայ իր ծանր հիւանդ եղբօր Կէորկ Ռացինկերին։

Պենետիկտոս ժԶ Գերմանիա մեկնած էր անցեալ հինգշաբթի՝ 18 Յունիսին եւ Պավիերա կեցութեան ընթացքին բացի եղբօրմէն այցելած էր նաեւ ընտանեկան մի քանի վայրեր, զոր Վաստակաւոր Քահանայապետը չէր այցելած 2006 թուականէն ի վեր՝ Ծննդավայր կատարած վերջին ճամբորդութեան առթիւ։

Ան արդարեւ այցելեց իր ծնողաց գերեզմանը, ուր կը հանգչի նաեւ իր մեծ քոյրը, այնտեղ աղօթելով անոնց հոգւոյն համար, ապա փոխադրուեցաւ Ռեկենզպուրկի արուարձանի մէջ գտնուող Փեթլինկ քաղաք, ուր Ան ապրած էր 1969 - 1977 տարիներուն, երբ դասատու էր քաղաքի համալսարանին մէջ։ Տունը այժմ դարձած է Պենետիկտոս ԺԶ-ի անուան կեդրոն, ուր պահպանուած են Քահանայապետին Աստուածաբանական ժառանգութիւնը։

Նախ քան Վատիկան վերադարձը Վաստակաւոր Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Նիքոլա Էթերովիչին հետ, որ Պենետիկտոս ժԶ Քահանայապետութեան շրջանին կը վարէր Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Քարտուղարի պաշտօնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2020, 08:05