Ձեռքդ երկարէ աղքատին Ձեռքդ երկարէ աղքատին 

«Ձեռքդ երկարէ աղքատին»։Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը աղքատներու միջազգային 4-րդ օրուան առիթով։

Աղքատներու ծառայութեամբ կը ստանանք Աստուծոյ օրհնութիւնը ու մեր աղօթքը իր նպատակին կը հասնի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 13 յունիսին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ, յառաջիկայ 15 նոյեմբերին, աղքատներու միջազգային 4-րդ օրուան առթիւ,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին պատգամը,  Աստուածաշունչի Սիրաքայի գիրքէն քաղուած «ձեռքդ երկարէ աղքատին»վերնագիրով։ (Սիրաքայ 7, 32)։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ «Ձեռքդ երկարէ աղքատին՝ Հին իմաստութիւնը, ցոյց կու տայ սուրբ կանոն մը՝ կեանքի մէջ հետեւելու համար, աւելցնելով որ այդ խօսքը  իր ամբողջ իմաստով ու ուժով այսօր եւս կը հնչէ՝  մեզի  օգնելու եւ մեր հայեացքը կեդրոնացնելու էականին վրայ վերացնելու համար անտարբերութեան պատնէշները։ »

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՝ընդգծէ, թէ  աղքատութիւնը միշտ որդեգրած  է տարբեր դիմագիծեր ու մեզմէ կը  պահանջէ ուշադրութիւն ընել կեանքի բոլոր պայմաններուն, որոնց մէջ կրնանք Յիսուս Քրիստոսին հանդիպիլ, որ Ինքն Յիսուս յայտնեց, որ ներկայ է աղքատ ու տկար եղբայրներուն մէջ։ (Մատթ, 25, 40)։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով Սիրաքայի գիրքին վրայ նշեց թէ «Սիրաքայի գիրքը Հին կտակարանի ամենէն հին գիրքերէն մէկն է։ Անոր մէջ կը գտնենք իմաստուն վարդապետի մը խօսքերը, որ ապրեցաւ Քրիստոսէ երկու հարիւր տարի առաջ։ Սիրաքան իմաստութիւն կը փնտռէր, մարդոց կեանքը բարելաւելու ինչպէս նաեւ զանոնք կարող դարձնելու ՝կեանքի խորին իրադարձութիւնները հասկնալու  համար։ Սիրաքան իր գիրքի առաջին էջերէն սկսեալ  խորհուրդ կու տար կեանքի շօշափելի կացութիւններուն մասին եւ այդ կացութիւններէն մին էր աղքատութիւնը շեշտելով որ որեւէ կացութեան մէջ պէտք է միշտ Աստուծոյ վստահիլ, հիւանդութեան եւ չքաւորութեան մէջ։ (Սիրաքայ 2, 2-7)

Աղօթել ու աղքատներուն զօրակցիլը իրարմէ երկու անբաժան երեւոյթներ են։Սիրաքայի համար, Աստուծոյ աղօթելը ու աղքատներուն ու տառապողներուն զօրակցիլը, անբաժանելի երկու իրողութիւններ են։ Աստուծոյ հաճելի պաշտամունք մատուցանելու  համար անհրաժեշտ է ճանչնալ, որ իւրաքանչիւր անձ կը կրէ Աստուծոյ պատկերը։ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը ստանանք եւ մեր աղօթքը իր նպատակին կը հասնի երբ՝ մեր աղօթքը ընկերացուած է աղքատներու ծառայութեամբ։

Սիրաքայի ուսուցումը այժմէական է։ Աղքատներուն զօրակցութիւնը ընտրանք մըն է, որ չճանչնար՝ ոչ վայր եւ ոչ ալ ժամանակ։Որքան դժուար է աղքատները միշտ մեր սեւեռումի տակ պահելը, այնքան անհրաժեշտ է՝ մեր կեանքի, մեր անհատական ու ընկերային կեանքի  ուղղութեան  պահպանումին  համար։ Աղքատներ մեր հետն են ու միշտ մեր հետ պիտի մնան ՝ Յիսուսը ընկալելու օգնութեան համար։ Քրիստոնէական հասարակութիւնը կանչուած է ներգրաւուելու բաժնեկցութեան փորձառութեան մէջ ։ Որպէսզի կարենանք աղքատներուն օգնել, պէտք է ապրիլ աւետարանական աղքատութիւնը ։ Չենք կրնար մենք մեզի հանգիստ զգալ , երբ ընտանիքի անդամ մը կը տառապի ու շուքի մէջ է։ Աղքատներու լուռ աղաղակը, պէտք է Աստուծոյ ժողովուրդը գտնէ, զանոնք պաշտպանելու համար։ Այո՝ շիտակ է  որ եկեղեցին չ՝ունի ամբողջական լուծումներ, սակայն  Քրիստոսի շնորհքով կ՝ընծայէ իր վկայութիւնն ու բաժնեկցութեան ժեսթեր։

Ձեռքդ երկարելով աղքատին, նախ եւ առաջ կը բացայայտնենք, թէ մեր մէջ գոյութիւն ունին կեանքի իմաստ տուող ժեսթեր։ Ամէն օր որքան ձեռք երկարող անձերու ականատես կ՝ըլլանք։ Սակայն դժբախտաբար, արագընթաց կեանքի պատճառաւ անկարող կը դառնանք ճանչնալու, լռութեան եւ վսեմ վեհանձնութեան մէջ տեղի ունեցող բարիքներուն։

Ձեռքդ երկարելը նշան մըն է , նշան զօրակցութեան, սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան։ Այս անցնող ամիսներուն, համայն աշխարհը ճնշումի մէ էր ժահրի պատճառաւ, որ ցաւ ու մահ պատճառեց։ Քանի ձեռք երկարող անձերու ականատես եղանք։ Բժիշկներու , հիւանդապահներու, քահանաներու,  ինչպէս նաեւ այր մարդոց ու կիներու երկարած ձեռքերուն, որոնք էական ծառայութիւններ  մատուցանեցին։ Համաճարակը անակնալ հասաւ ու  մեզի անպատրաստ գտաւ, սակայն աղքատին երկարող ձեռքը անակնկալ չհասաւ։Այս պահերը, զոր կ՝ապրինք, մեզ բոլորս մատնեց անկայուն կացութիւններուն։ Մենք մեզ աւելի աղքատ ու տկար զգացինք, որովհետեւ փորձարկեցինք  ազատութեան սահմանափակումին իմաստը։

Մեր տուներուն մէջ լռութեան մէջ փակուած մնալով բացայայտեցինք, թէ ինչքան կարեւոր է պարզութիւնն ու մեր հայեացքը էականին վրայ սեւեռելու կարեւորութիւնը։ Զգացինք նոր եղբայրութեան մը պահանջը, կարող փոխադարձ օգնութեան եւ սիրոյ։ Սա նպաստաւոր ժամանակ է դարձեալ զգալու, որ մէկը միւսի պէտքը ունինք։

Ձեռք երկարել ուրիշին հրաւէր ու քաջալերանք է՝ տկարներուն բեռը շալկելու համար։ Սուրբ Պօղոս կը յորդորէ, մէկը միւսին բեռը կրել։ Ան ուսուցուց, թէ  Յիսուսի մահուամբ ու յարութեամբ պարգեւուած ազատութիւնը,  իւրաքանչիւրիս համարպատասխանատուութիւն է ուրիշին ծառայելու՝ յատուկէն տկարներուն։

Ձեռքդ երկարէ ուրիշին, ի յայտ կը դնէ,  իրենց ձեռքերը գրպաններուն մէջ պահող մարդոց կեցուածքը, որոնք չէն յուզուիր աղքատութենէն։ Կան մարդիկ, որոնք կ՝երկարեն իրենց ձեռքերը հարստութիւններ դիզելու համար՝ զէնքերու վաճառումով։  

Չենք կրնար ուրախ ըլլալ մինչեւ որ այդ մահ սերմանողներու ձեռքերը, չկերպարանափոխուին ու չդառնան  արդարութեան ու խաղաղութեան ձեռքեր համայն աշխարհին համար։»

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը մէջբերելով Սիրաքայի խօսքէն հատուած մը «Ամբողջ գործերուդ մէջ յիշէ քու վերջաւորութիւնդ»։ Ան նշեց թէ այդ հաստուածին մասին կան երկու մեկնաբանութիւններ
Առաջինը, այն է որ յիշել մեր  հասարակաց ճակատագիրը, մեզ կ՝օգնէ մեր կեանքը ապրելու՝ ուշադրութիւն ցուցաբերելով աղքատին ու այն անձին, որ չ՝ունեցաւ մեր միեւնոյն կարելիութիւնները։

Երկրորդ, Սիրաքային խօսքը ի յայտ կը դնէ մեր կեանքին նպատակը, որուն իւրաքանչիւր անձ կը ձգտի։  Մեր կեանքին աւարտն է ,  որ մեզմէ կը պահանջէ  ունենալ  իրականացնելիք ծրագիր մը  եւ կատարելիք  ուղեւորութիւն մը ՝առացն յոգնելու։ Արդարեւ, մեր ամէն գործերուն աւարտը,  չկրնար ըլլալ եթէ ոչ սէրը։ Սա է նպատակը, որուն կ՝ընթանանք եւ ոչ մէկը կրնայ զայն մեզմէ խլել։ Այս սէրը բաժնեկցութիւն է , ծառայութիւն, նուիրում։

Աղքատներուն հետ հանդիպումի առօրեայ ուղեւորութեան մէջ մեզի կ՝ընկերանայ Աստուծամայրը որ աղքատներուն Մայրն է։ Ան կը ճանչնայ մեկուսացեալներուն տառապանքները, դժուարութիւնները որովհետեւ ինք եւս քարայրի մէջ ծնաւ Աստուծոյ Որդին, հերովդէսի սպառնալիքներուն տակ ու որպէս գաղթական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2020, 12:16