Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի արձանը Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի արձանը 

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի կրօնաւորուհիներուն կողմէ ստացած վարդերուն համար։

Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնին առիթով, Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի կրօնաւորուհիները, Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեցին հինգ օրհնուած վարդեր։

Սրբուհի Ռիթայի տօնին առիթով, անցեալ 22 մայիսին, Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի վանքի Օգոստինեան միաբանութեան կրօնաւորուհիները, օրհնուած հինգ վարդեր նուիրեցին ֆրանչիսկոս Պապին, որպէս աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն քրիստոնեայ ժողովուրդի պահապան։

Ունկնդրէ լուրը

Վարդերու նուէրին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակ մը յղեց Սրբուհի Ռիթային Օգոստինեան քոյրերուն, որուն մէջ նշած է, թէ ստացած օրհնուած վարդերը զետեղած է Տիրամօր առջեւ, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ անկարելի բաներու Սրբուհիին բարեխօսութիւնը։    

 ֆրանչիսկոս Պապ նամակի մէջ ապա նշած է, թէ  համաճարակի այս պահերուն,  մեր միակ յոյսը՝  Յիսուսն է , եւ Յարուցեալ Տիրոջ մէջ,  Հայրը կ՝իրականացնէ  իր բոլոր խոստումները եւ ցոյց կու տայ իր մեծ հաւատարմութիւնը։
Ան ապա քաջալերած է չվհատելու՝ ըլլայ տառապանքի ըլլայ մահուան դիմաց, շարունակելու կառուցել ապագան, որ Աստուած կ՝ուզէ իրականացնել  իր բոլոր զաւակներուն համար։

Քաշիայի սրբուհի Ռիթայի վանքի կրօնաւորուհիները շնորհակալութիւն յայտնեցին ֆրանչիսկոս Պապին ՝իրենց հանդէպ  ցուցաբերած մօտիկութեան եւ ուշադրութեան խօսքերուն համար նշելով նաեւ, «մենք   երբեք չէինք  երեւակայէր, որ օրհնուած վարդերու նախաձեռնութիւնը, նաեւ Պապին այսքան հաճելի ըլլար։»

Յայտնենք,  թէ ամէն տարի, Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնին առիթով, տեղի կ՝ունենայ ուխտագնացութիւն դէպի Սրբուհիւ Ռիթայի ուխտավայրը։  Այս տարի համաճարակի պատճառով, ուխտագնացութեան փոխարէն, Քաշիայի Օգոստինեան միաբանութեան քոյրերը, նախաձեռնեցին  Սրբուհի Ռիթային վարդերու օրհնութեան ձեռնարկը,  զանոնք որպէս նուէր ուղարկելով  ֆրանչիստկոս Պապին, Ումպրիա մարզի նախագահին, Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին ինչպէս նեաւ Ումպրիա մարզի եպիսկոպոսներուն համաւահաւաք դասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2020, 10:08