Փորթուկալցի դիւանագէտ՝  Արիսթիտես Տէ Սուզա Մէնտէզ Փորթուկալցի դիւանագէտ՝ Արիսթիտես Տէ Սուզա Մէնտէզ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը «Թող միշտ եւ ամէնուրեք յարգուի մարդկային խիղճի ազատութիւնը»։

Մաղթանքս է, որ ամենուրէք ու միշտ յարգուի խիղճի ազատութիւնը եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կարենայ հետեւողականութեան օրինակ տայ, մաքուր խիղճով ու լուսաւորուած Աստուծոյ խօսքէն»

Չորեքշաբթի, 17 յունիսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ կոչ ուղղեց խիղճի օրուան առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Այսօր կը յիշատակուի Խիղճի Միջազգային օրը, ներշնչուած  Փորթուկալցի դիւանագէտ՝ Արիսթիտես Տէ Սուզայ Մենտէսի վկայութենէն, որ 80 տարիներ առաջ, որոշելով խղճի ձայնին հետեւիլ, հազարաւոր հրէաներու ու այլոց կեանքը փրկելով։

Թող՝ որ ամենուրէք ու մշտապէս  յարգուի խիղճի ազատութիւնը եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կարենայ հետեւողականութեան օրինակ տայ, Աստուծոյ խօսքէն լուսաւորուածմաքուր խիղճով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչին մէջ։

Արիսթիտես Տէ Սուզայ Մենտէսի արարքը խորապէս արմատացած էր իր կաթողիկէ հաւատքին մէջ ու այս մէկը զայն մղեց մերժերու իր կառավարութեան հրահանգները օգնութեան հասնելու համար կարիքաւորներուն։ 

Բ աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Տէ Սուզա Մենտէսը Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքի մէջ  հիւպատոս էր, հակառակ որ լաւապէս գիտէր իր արարքներուն հեւանքները, չի զլացաւ բոլոր ապաստանեալներուն  շնորհելու մուտքի արտօնագիրեր, անկախ անոնց քաղաքացիական, ցեղային եւ կրօնական պատկանելիութիւնէն։

«Եթէ պիտի ըմբոստանամ կը նախընտրեմ ըմբոստ գտնուիլ մարդոց օրէնքներուն քան Աստուծոյ օրէնքին» ըսած էր ան երբ Փորթուկալի կառավարութիւնը քննադատած էր իր արարքները, որոնց գինը սուղ կը վճարէ,  տրուած ըլլալով որ 8 Յուլիս 1940-ին Փորթուկալ վերադարձին Սալազարի Կառավարութիւնը պաշտօնանկ կ՛ընէ զինք կէսի վերածելով նաեւ անոր թօշակը։ 

 

 

 

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 10:17